Չինաստանի պետական լրատու գործակալութիւնը Չորեքշաբթի օր հաղորդեց, որ հիւսիսային Չինաստանի մէջ իշխանութիւնները ձուլարան մը փակեցին, երբ ի յայտ եկաւ, որ գործարանը կապառէն թունաւորում պատճառած է աւելի քան երեք հարիւր մանուկներու։
Քայլը առողջական ապահովութեան կացութեան ջատագովներուն համար հազուադէպ յաղթանակ մըն էր Չինաստանի մէջ, ուր ապականումի մտահոգութիւնները յաճախ անտեսուած են, իսկ անոնք, որոնք այդ ուղղութեամբ գանգատ կը ներկայացնեն, ճնշումներու կ՛ենթարկուին։
«Քսինհուա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ընտանիքներ, որոնք Շաանքսի նահանգին մէջ «Տոնկլինկ» կապառի եւ զէնքի ձուլարանի ընկերութեան մօտ կը բնակին, Յուլիսին սկսան հիւանդ մանուկներ հիւանդանոց բերելու եւ գործարանը ամբաստանեցին անոնց առողջութեան վատթարացման համար։
Հետաքննութիւն մը ցոյց տուաւ, որ Չանկքինկ քաղաքին մէջ գտնուող գործարանէն կապառ սողոսկած է հողին, օդին եւ 425 ընտանիքներու ջուրի աղբիւրին մէջ։
Գործարաններու մէջ արկածներ եւ քիմիական նիւթերու սողոսկումները Չինաստանի մէջ յաճախակի են եւ անոնց համար կ՛այպանուին կենսոլորտային կանոններու գործադրութեան գծով հսկողութեան թուլութիւնը, ապահովութեան օրէնքները, եւ աշխատաւորներու պատրաստուածութեան պակասը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.