Ծագումով հայ ուրուկուէյցի ֆութպոլի մարզիկ Մաուրօ Կուեւկէօզեան-Քրեսփօ, որ մաս կը կազմէ Չիլիի «Էւերթօն» ակումբի կազմին, երկրի առաջնութեան 5րդ փուլին, «Նիւպլէնսէ» խումբին դիմաց կարեւոր յաղթանակ մը շնորհած է իր ակումբին՝ կօլի հեղինակ դառնալով հանդիպման 89րդ վայրկեանին:
Այդ հանդիպումէն ետք «Էվերթօն» կը շարունակէ յաջորդել առաջնութեան առաջատար Սան Թիէկոյի «Աուտըքս Իտալիանօ» ակումբին՝ անկէ յետ մնալով ընդամէնը մէկ միաւորով:
23ամեայ Մաուրօ Կուեւկէօզեան-Քրեսփոն ուրուկուէյցի յարձակող է, որ Յուլիս ամիսէն արդէն «Էվերթօն» տեղափոխուած է ուրուկուէական «Ֆենիքս» խումբէն, ուր անցեալ շրջանին ան 14 կօլերու հեղինակ դարձաւ:
Սակայն Մաուրօ հայ ծագում ունենալով՝ ժամանակին կը խաղար Երեւանի «Փիւնիկ»ի կազմէն, ան հանդիպում մը ունեցած է 2007-2008 Ախոյեաններու Լիկայի որակաւորման ընթացքին, երբ երեւանցիները հանդիպեցան «Շախթէօր» խումբին հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.