ՊԱՔՈՒ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա 11 Օգոստոսին Պաքու այցելութեան ընթացքին, հանդիպում ունեցած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որմէ ետք, ըստ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, յայտարարած էր, թէ «Նախագահ Օպամա կը բաժնէ իմ այն կարծիքս, թէ Հայաստան պէտք է Ատրպէյճանին վերադարձնէ բռնագրաւուած հողամասերը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Սարքոզի եւ Մետվետեւ նշած են Յուլիսի ընդհանուր յայտարարութեան մէջ»։
Պրայզա լրագրողներուն ըսած է, թէ «Միացեալ Նահանգներ ամբողջական կերպով կը զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի՝ մատրիտի սկզբունքներուն վրայ հիմնուած խաղաղ լուծման»։
Ան նշած է. «Մենք մատրիտի սկզբունքներու մէկ մասը վերջնականացուցած ենք եւ զանոնք քննարկած՝ Քրաքովի մէջ հանդիպումի մը ընթացքին»։ Պրայզա ըսած է, որ Ռուսիա եւս արդիւնաւէտ ու շինիչ կերպով իրենց հետ կ՛աշխատի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար։
Ան նշած է, թէ «Մինսկի խումբի մէջ մեր աշխատանքը միշտ ալ արդար ու շինիչ եղած է։ Մինսկի խումբը նպաստեց մերձեցնելու երկու նախագահներուն դիրքորոշումները այն հարցերուն շուրջ, որոնք պիտի նպաստեն այս տագնապի լուծման»։
Պրայզա նշած է, որ երկու նախագահները շատ մօտ են շրջագծային համաձայնութիւն մը կնքելու քայլին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.