«Ասպարէզ»ի հարիւր տարին աւարտեցաւ ու նոր դարու առաջին տարեդարձն է այսօր:
Թերթի տնօրէնութիւնը ծրագրած է պաշտօնապէս նշել այս տարեդարձը, աւելի ուշ՝ Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, յատուկ ճաշկերոյթով մը, Մոնթեպէլլոյի «Բաղրամեան» սրահին մէջ:
Ճաշկերոյթին ընթացքին, անշուշտ, պիտի գործադրուի պատշաճ ծրագիր մը: Այս ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը հրապարակենք շուտով:
Տարեդարձի այս օրը, «Ասպարէզ»ի մասին իրենց խոհերը մեզի հետ կիսած են թերթին երեք նախկին խմբագիրներ՝ Քրիստափոր Բագրատունի, Ժան Գոսաքեան եւ Վաչէ Բրուտեան, «Ազդակ»ի նախկին խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան եւ «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան: