ԱՒԱԽՔ, «Փանորամա».- Ըստ «Երկիր» միութեան տուած տեղեկութեան, Վահագն Չախալեանին գտնուած Ռուսթաւիի բանտի ղեկավարները, Օգոստոս 16ին արգիլած են փաստաբան Ստեփան Ոսկանեանին այցելել իր պաշտպանեալին՝ պատճառաբանելով, որ իր ունեցած փաստաթուղթերը անվաւեր են։
Նոյն օրը, դիմելով Վրաստանի հանրային պաշտպանի գրասենեակ՝ Ստեփան Ոսկանեան յայտնած է, թէ բանտի ղեկավարութեան որոշումը անհիմն է։
Փաստի առնչութեամբ, Ստեփան Ոսկանեան գրաւոր դիմում ներկայացուցած է Վրաստանի հանրային պաշտպանին եւ Ռուսթաւիի բանտի ղեկավարութեան։
«Երկիր» միութիւնը, Վահագն Չախալեանի հետ տեսակցութեան արգիլման որոշումը վրացական իշխանութիւններուն կողմէ կը համարէ հերթական խախտում, որուն նպատակն է խոչընդոտել Սեպտեմբեր 18ին կայանալիք դատալսման նախապատրաստական աշխատանքները։ Անոնք նաեւ նպատակ ունին դժուարացնել Վ. Չախալեանի հայկական լրատուամիջոցներէն տեղեկատուութիւն ստանալու հնարաւորութիւնը, ինչ որ կ՛ապահովուի իր փաստաբանին կողմէ։