Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հաւատքը անհատական խղճի հարց է: Ժամանակակից ընկերութեան մէջ դաւանական եւ դաւանաբանական հարցերը, գէթ քրիստոնէութեան շրջանակին մէջ, դադրած են սուր բնոյթ ունենալէ, հաւատաքննական ատեանները կամ նման երեւոյթներ պատմութեան կը պատկանին: Իսլամական աշխարհի մէջ է, որ տակաւին, ազգային-քաղաքական-տնտեսական ազատագրական պայքար մղելու համար, կարգ մը ուժեր կ՛օգտագործեն կրօնական ազդակը ինքահաստատման եւ ճակատ յարդարելու համար, ինչ որ ծնունդ կու տայ անհանդուրժողութեան, ծայրայեղութեան, արմատականութեան: Ինչպէս հիւսիսի եւ հարաւի միջեւ տնտեսական անհաւասարութիւն գոյութիւն ունի, նոյնպէս անհաւասարութիւն գոյութիւն ունի քրիստոնէական եւ իսլամական շրջանակներու միջեւ: Այս արագ պատկերացումը ցոյց կու տայ, որ կրօնական հարցերու ենթահողը տնտեսական, քաղաքական եւ ազգային նկարագիր ունի: Այդպէս էր նաեւ անցեալին եւ է ներկայիս: Նաեւ՝ կրօնական աղանդներու պարագային, որոնց ջլատող բնոյթը պէտք չէ անգիտանալ:
Այս համաշխարահային երեւոյթին մէջ մեր ժողովուրդը ունի իւրայատուկ կացութիւն, զոր ըստ արժանւոյն չենք քններ, քանի որ կը զբաղինք անմիջականով, ձեւական մէկութիւնը կը խափանէ ազգային մէկութեան իրաւ գաղափարախօսութեան մը սահմանումը եւ ճանապարհը: Մենք փոքրիկ ժողովուրդ մըն ենք, տարտղնուած ժողովուրդ ենք, ազգի մէկ երրորդով, որ կ՛ապրի հողակտորի մը վրայ, եւ երկու երրորդով՝ որ կը գոյացնէ Սփիւռքներ, որոնք գոյացուցած են տարբեր ինքնութիւններ, եւ այդ ընթացքը կը շարունակուի, եւ այսօր կը սահմանուի ծագումով հայ ըլլալու ինքնամխիթարութեամբ: Այլ հարց է, թէ մինչեւ ե՞րբ: Մէկ երրորդը եւ երկու երրորդը, ճառերու մակարդակին, կը ցանկան ըլլալ միութիւն, միացեալ, միակամ, բայց գիտենք որ այդ ցանկութիւնը զգացական նպատակ է, հեռու է իրականութենէն, եւ այս իրականութիւնը ոչ ոք կ՛ուզէ տեսնել, ընդունիլ, մանաւանդ ամբողջական եւ անսեթեւեթ քննարկման ենթարկել՝ համապատասխան եզրակացութիւններու յանգելու ազգային յանդգնութեամբ բնորոշուող միտումով:
Եկեղեցական, դաւանական, յարանուանական եւ ներկայիս զարգացող աղանդներու խնդիրները հրապարակային քննարկումի առարկայ չեն, ոչ թէ վիճարկումի նիւթ հայթայթելու համար, այլ իրաւ միութեան եւ միացեալի յանգելու համար: Այս խնդիրները կը գտնուին Պանտորայի տուփին մէջ, եւ շատեր, արդարօրէն կրնան խորհիլ որ եթէ տուփը բանանք, զանոնք կարելի չ՛ըլլար կրկին տուփի մէջ դնել… Ուստի հարկ է սպասել պատեհ առիթը, երբ ազգային գաղափարախօսութեան շրջագիծին մէջ կարելի կ՛ըլլայ անոնց համար լուծումներ գտնելը: Իսկական ղեկավարութիւնը չի՞ տեսներ, որ փոքրիկ ժողովուրդ մը ներքնապէս կը կրծուի ինքնագլուխ դարձած զանազանութիւններով: Մէկ հատիկ պատճառ պէտք է տալ համոզելու համար, որ այդ զանազանութիւնները բարիք կը բերեն ազգին, կը նպաստեն անոր միութեան, տոկալու եւ տեւելու հնարաւորութիւն կը ստեղծեն: Այս ազգային մտահոգութիւնները զանգուածներուն չեն մատուցուիր, Հայաստանի հանրապետութեան, Արցախի եւ Սփիւռքներու մէջ, եւ չլուսաբանուած հաւաքականութիւնները պարարտ հող եղած են, եւ ե՛ն, մարդորսութեան (prosռlystisme) համար:
Հայ ժողովուրդը քրիստոնէութիւն ընդունած է եւ զայն հռչակած է պետական կրօն: Հպարտութեամբ կամ սնափառութեամբ չենք մոռնար յիշեցնելու, որ առաջին պետութիւնը եղած ենք այդ ընող եւ անոր տասնեօթներորդ դարադարձը նշեցինք: Միշտ ես ինծի հարց տուած եմ, թէ ինչո՞ւ «քարոզի»չներ եկած են քրիստոնեայ հայերը քրիստոնեայ դարձնելու, եւ ինչո՞ւ քրիստոնեայ հայեր ընդունած են կրկին քրիստոնեայ դառնալ: Ի՜նչ անհեթեթութիւն: Այդ քարոզիչները աւելի լաւ գործ կ՛ընէին, եթէ անհաւատներով զբաղէին, եւ այսօր ալ այդ կրնանք ըսել: Այդ քարոզիչներուն միթէ՞ այսքան ճշմարտութիւն կարելի չէ ըսել: Հիմա որ ամէն քայլափոխի կը ճառենք միութենէ, չե՞նք կրնար բաւարարուիլ «հայ քրիստոնեայ» ըլլալով, դառնալ Հայ եկեղեցւոյ քրիստոնեայ, գիտակցական բարձրորակ ճիգով մը յաղթահարել բաժանումները: Այս խնդիրը միթէ՞ այնքան կարեւոր չէ համահայկական համագումարի ընթացքին քննուելու համար, յառաջացնելու համար նոր ըմբռնումներ, նոր կառոյցներ, ներկայ ժամանակին եւ մեր ժողովուրդի պատմութեան հետ քայլ պահող եւ դէպի ապագան նայող: Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ այն իրողութիւնը, որ երբ հայ պետութիւնը անհետացաւ, եկեղեցական իշխանութիւն(ներ) համադրողի եւ ներկայացուցիչի դեր կատարեցին:
Ինչ կը վերաբերի աղանդներու, որոնց մէկ մասին կրօնական համայնքի իրաւունք կը տրուի այլ երկիրներու մէջ, որոնք գոյութիւն ունին Հայաստանի հանրապետութեան, Արցախի եւ Սփիւռքներու մէջ, անոնք կը զարգանան լուսաբանական աշխատանքի բացակայութեան պատճառով, քանի որ մարդիկ այս կամ այն աղանդին կը հետեւին, մանաւանդ խորհրդային կարգերէ դուրս եկած երկրին մէջ, միամտօրէն, շահագործուելով, հաւատալով, որ «եկեղեցի» կ՛երթան, եւ որ՝ «տարբերութիւն չկայ»: Այս բացասական զանազանութիւններուն վրայ այսօր կը գումարուի իսլամացած հայերու պարագան, որ յարանուանական խնդիրներէն աւելի բարդ է, քանի որ ազգէն հեռացածները պէտք է վերադարձնել ազգին, պարտադրուած մեծ տարբերութիւնը սրբագրել՝ վերականգնելու համար միութիւնը:
Այս էական նշանակութիւն ունեցող խնդիրները գերիվեր են գերադասի եւ ստորադասի, ծէսի, դաւանանքի մանրամասնութիւններէն, անհիմն հաւատարմութիւններէ: Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիին դերը միացման վերականգնումի աշխատանքին մէջ խիստ կարեւոր է. ան պէտք է յաղթահարէ իր ծոցին մէջ քաղաքական պատճառներով աճած ժամանակավրէպ տարբերութիւնները, որոնք ո՛չ դաւանական են եւ ո՛չ ծիսական, յառաջացնելով աշխատանքի բաժանման վրայ հիմնուած փոխհասկացողութիւն եւ կառոյցներ, որպէսզի աւելի քան տասնեօթը դար առաջ իր սկսած եւ կատարած ազգապահպանման եւ միացման դերը շարունակէ նաեւ այսօր:
Հաւաքաբար պատասխանատու ենք մեր բաժանումներուն եւ միացման առջեւ ցցուող խոչընդոտներուն համար:
Ո՞վ կամ որո՞նք պիտի նախաձեռնեն: Պատմութիւնը երախտագիտութեամբ պիտի յիշէ նախաձեռնողները: Ինչ որ կ՛ակնկալուի՝ եկեղեցիի մը շինութենէն կամ նորոգութենէն, դեղ եւ սնունդ բաժնելէն, մեր տեւաբար կրկնած ոխերէն եւ քէներէն տարբեր մակարդակի վրայ կը գտնուի:
Ոչ ոքի դէմ, այլ թեր՝ ազգի միացման, որպէսզի ան տոկայ եւ տեւէ: