ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Ամերիկայի հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան տարեկան 26րդ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11ին, «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ:
Ճաշկերոյթին ընթացքին պատիւի պիտի արժանանայ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն (USC) քարիւղի յայտնի մասնագէտ դոկտ. Ճորճ Չիլինկիրեանը:
Մուտքի սակը 100 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 547-3372 թիւին կամ www.aesa.org համացանցային հասցէին:
«Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին հասցէն է՝ 1201 N. Vine St.:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.