ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Արուեստագէտ ՍԷմ Սաղաթէլեանի «Body 1-Ejmiadzin» ստեղծագործութիւնը Օգոստոս 13էն ի վեր սկսած է ցուցադրուիլ Լոս Անճելըսի «Barnsdall Park» ցուցադրասրահին մէջ (4800 Hollywood Blvd.):
Առաջին անգամ ըլլալով 2000ին, Հայաստանի մէջ ցուցադրուած գործը պիտի շարունակուի ցուցադրուիլ մինչեւ Սեպտեմբեր 27: Ցուցադրասրահը Երեքշաբթիէն Կիրակի օրերը բաց է, կ.ե. ժամը 12էն 5, իսկ ամսուան առաջին Ուրբաթ օրերը՝ կ.ե. ժամը 12էն երեկոյեան ժամը 9: