ՍԱՈՒԹ ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Սաութ Փասատինայի բնակիչ Քէյ Մուրատեան Հայկական Ցեղասպանութեան ականատես իր մօր փորձառութիւններուն նուիրուած «A Gift in the Sunlight. An Armenian Story» իր հատորը պիտի ներկայացնէ քաղաքին Հանրային գրադարանին մէջ, Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ:
Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինով ելոյթ պիտի ունենան Կրէկ Հօշարեան եւ այլ երաժիշտներ:
Գրադարանի հասցէն է՝ 1115 El Centro St., իսկ մուտքը ազատ է: