ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան վարչութիւնը որոշած է իր այս տարուան ճաշկերոյթին ընթացքին «Տարուան արհեստավարժը» կոչումը շնորհել «Քարնըկի» հիմնադրամին տնօրէն դոկտ. Վարդան Գրիգորեանին, որ վերջերս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ նշանակուած էր Սպիտակ տան վարժողական ծրագրի 28 հոգինոց մարմինի անդամ:
Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան տարեկան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Նոյեմբեր 7ին, «Շէրընթըն Եունիվըրսըլ» պանդոկին մէջ:
Դոկտ. Վարդան Գրիգորեան Նիւ Եորք հաստատուած «Քարնըկի» հիմնադրամի 12րդ տնօրէնն է: Ան նախապէս ինը տարի եղած է Ռոտ Այլընտի «Պրաուն» համալսարանի տնօրէն:
Թաւրիզ ծնած Գրիգորեան իր նախնական ուսումը Պարսկաստանի մէջ ստանալէ ետք, երկրորդական ուսումը ամբողջացուցած է Լիբանանի մէջ, իսկ իր դոկտորական կոչումը ստացած է «Սթէնքըրտ» համալսարանէն, 1964ին:
Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան տարեկան ճաշկերոյթին տոմսերու սակը 150 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար այցելել ընկերակցութեանց համացանցային կայքը՝ www.apsla.org հասցէին: