ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ինթըրֆաքս-Ատրպէյճան» գործակալութեան տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Ատրպէյճանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Ազատ Ռահիմով յայտնած է, որ եթէ վերջնականապէս որոշուի, թէ մինչեւ 20 տարեկաններու Ատրպէյճանի ճիւտոյի հաւաքականը պիտի մասնակցի Սեպտեմբեր 11-13ին Երեւանի մէջ կայանալիք Ճիւտոյի Եւրոպայի առաջնութեան, ապա ինք անձամբ պիտի այցելէ Երեւան՝ ծանօթանալու համար մրցաշարի պայմաններուն: Ան նաեւ յայտնած է, որ թէեւ հայկական կողմը երաշխաւորած է այս մրցաշարի բոլոր մասնակիցներուն անվտանգութիւնը, այնուամենայնիւ, ատրպէյճանցի մարզիկներու Երեւան մեկնելու հարցը տակաւին քննարկման ընթացքի մէջ է։