ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին Կիրակի, 9 Օգոստոսին նշեց Բարեկենդան Ս. Աստուածածնայ պահոց տօնը։
Այս առիթով Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցի այցելեց Սպահանի թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան։ Սրբազան հայրը հակիրճ կերպով վերյիշեցուց հաւատացեալ ժողովուրդին օրուան Ճաշու Աւետարանի հատուածը, ուր կը պատմուի, թէ ինչպէ՛ս Յիսուս տան մը մէջ կը քարոզէր եւ մարդիկ կու գային լսելու զԻնք եւ բժշկուելու։ Չորս անձեր գիտնալով, որ պիտի չկարենան ներս մտնել՝ ստիպուած տանիքը քակեցին եւ այդտեղէն իջեցուցին անդամալոյծ մը։ Անդամալոյծը բերողները հաւատքով եւ վստահութեամբ եկած էին։ Յիսուս տեսնելով անոնց հաւատքը բժշկեց եւ մեղքերու թողութիւն շնորհեց անդամալոյծին։
Սրբազան հայրը մատնանշեց, որ Յիսուս երկու հրաշքներ գործեց։ Հոգեկան եւ ֆիզիքական անդամալուծութիւնը բժշկեց հիւանդին։ Սրբազան հայրը աւելցուց, թէ Քրիստոս եկաւ անկեալ մարդը վեր բարձրացնելու. ապականեալ մարդը վերադարձնելու իր իսկական պատկերին։ «Մեր պարտականութիւնն է հեռու մնալ չարէն ու մեղքէն եւ մենք զմեզ մաքուր պահել։ Աղօթենք առ Աստուած, որ մեր հաւատքը աւելցնէ։ Մեր տիրոջ արեամբ նուիրագործուած հաւատքը անբասիր պահենք եւ ապրինք Աստուածահաճոյ կեանք մը», ըսաւ ան։
ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ
Կիրակի 16 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, հաւատացեալ ժողովուրդը փութացած էր հասնիլ եկեղեցի առաւօտեան վաղ ժամերէն։
Ս. պատարագ մատուցանեց Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեան, առընթերակայութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի։
Հարիւրաւոր հաւատացեալներ համախմբուած էին եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, հաղորդակից ըլլալու օրուան խորհուրդին։ Սրբազան հայրը վեր առաւ Աստուածամօր արժանիքները՝ ընդգծելով անոր առաքինութիւնը, մաքրութիւնը, սրբութիւնը, համեստութիւնը, բարութիւնը եւ ազնուութիւնը։ Ան ըսաւ, որ Աստուածամօր կեանքը աղերսուած է Քրիստոսի։ Ան մատնանշեց, որ մենք յարգանք կ՛ընծայենք Աստուածամօր, որ բարեխօս դառնայ մեզի համար եւ պաշտամունք չէ, որ կը կատարենք անոր։
«Աստուածամայրը դարձաւ ոսկեղէն կամուրջը, որուն միջոցաւ Աստուած մարդացաւ։ Ան տագնապեցաւ իր որդւոյն համար։ Իսկ խաչին վրայ Յիսուս իր աշակերտներէն Յովհաննէսին յանձնեց Մարիամի խնամատարութիւնը։ Ըստ աւանդութեան, Աստուածամայրը մահացաւ 50 տարեկանին։ Բարթողիմէոս առաքեալ մահուան ընթացքին ներկայ չէր, հետեւաբար Աստուածամայրը իր նկարը գծել տուած էր եւ աշակերտները Բարթողիմէոս առաքեալին յանձնեցին այդ նկարը։ Սակայն ան անմխիթար մնաց, ուստի միւս առաքեալներուն հետ գնաց եւ բացաւ գերեզմանը, սակայն այնտեղ չգտաւ Աստուածամօր մարմինը։ Յիսուս եկած եւ տարած էր Աստուածամօր մարմինը։ Անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ, ան մարմնով փոխադրուեցաւ երկինք։ Անոր համար կը կոչենք Վերափոխումն Ս. Աստուածածնայ», ըսաւ սրբազան հայրը։
Սրբազան հայրը, բացատրութիւն տալով, թէ ինչո՛ւ խաղող կ՛օրհնենք Աստուածածնայ տօնին՝ ըսաւ. «Մեր նախնիները ունէին չաստուածներ, օրինակ կրակի աստուած՝ Վահագնը, գեղեցկութեան՝ Աստղիկ չաստուածուհին, իսկ մայրութեան՝ Անահիտ չաստուածուհին, ուստի բերքի երախայրիքը մեր հայրերը կը նուիրէին չաստուածներուն։ Մեր հաւատոյ հայրը Գրիգոր Լուսաւորիչ, բերքի երախայրիքի նուիրումը քրիստոնէացուց, իսկ խաղողը ընտրուեցաւ, որովհետեւ Քրիստոսի արիւնը խորհրդանշող գինին խաղողէն կը պատրաստուի։ Աստուածամօր նուիրուած այս տօնը փոխարինեց հեթանոսական Անահիտի տօնը։ Աղօթենք, որ Աստուած մեր բոլոր հիւանդներուն առողջութիւն եւ աշխարհին խաղաղութիւն տայ»։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւն։ Ներկայ հաւատացեալները օրհնուած խաղողով վերադարձան տուն՝ Աստուածամօր տօնին բարիքները փոխադրելով իրենց սեփական յարկերուն տակ։