Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայկական քարոզչութիւնը, ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ Եւրոմիութիւն մուտքի պայմաններուն, հազիւ թէ մանրադրամ է միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակին եւ մեր պարագային կը ծառայէ ներքին քարոզչութեան՝ արթնութեան նպաստելով, կրնանք նոյնիսկ ըսել՝ անհետեւանք եւ անվաղորդայն: Անհրաժեշտ է, մանաւանդ Արեւմուտքի մէջ, մասնաւորաբար Եւրոմիութեան ծիրին մէջ, մտածել եւ գործել Եւրոմիութեան ստեղծման նպատակներու, անոր շրջագիծին մէջ հաստատուած գործելակերպի եւ այդ բոլորը առաջնորդող քաղաքական իմաստասիրութեան ըմբռնումով:
Աւելի պարզ. Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան մաս կազմելու խնդիրը Եւրոմիութեան չափանիշներու հիման վրայ կրնայ ըլլալ միայն, ապա թէ ոչ՝ նոյն այդ Եւրոմիութիւնը կը կորսնցնէ իր ոգին, եւ ինչպէս սովորութիւն է ըսել, անոր «հիմնադիր հայրեր»ու հիմնական եւ հիմնարար երազը կ՛անհետանայ: Այդ չափանիշներու ըմբռնումը կը բացատրէ ձգձգումները եւ անդամ երկիրներու տեսակէտներու տարբերութիւնը, որ նոյնիսկ արտայայտուեցաւ բացասական հանրաքուէներով:
Թուրքիա Եւրոմիութեան անդամակցելու իրաւունք ձեռք բերելու համար ինքզինք պիտի տեղաւորէ «հիմնադիր հայրեր»ու երազին մէջ: Այդ պահանջի ծիրին մէջ «հայկական հարց»ը նոր ընթացք կրնայ ունենալ, ըսի՝ «հարց»ը, քանի որ սովորաբար կ՛ըսենք «Դատ», եւ «Դատ» չկայ, ոչ մէկ տեղ «Դատ»ի դիմում չէ եղած, ոչ մէկ ատեանի առջեւ հայ ժողովուրդը, միասնաբար, կամ այս կամ այն հատուածը, բողոքարկու չի ներկայանար, չէ ներկայացած: Իսկ «Հայկական հարցը» մէկ մասն էր «Արեւելքի հարց»ին, La Question d՚Orient, որ մասամբ կարգ մը լուծումներու յանգած է Սեւրի դաշնագրով:
Եւրոմիութիւնը կազմուած է, ինչպէս նկատել կու տան ականաւոր քաղաքական վերլուծողներ, ծնունդ տալով եւ հպատակելով «նոր կարգ»ի, հրաժարելով ուժով տիրելու եւ տիրապետելու քաղաքականութենէն, ընթացք, զոր որդեգրած էին Եւրոպայի երկիրները ԺԵ. դարէն մինչեւ Ի. դարու կէսը, մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտը: Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Սպանիա, Գերմանիա հզօր կայսրութիւններ էին, իշխանատենչութեամբ եւ ազգայնամոլական առաջադրանքներով, հինգ դարեր շարունակ, իրենց պատերազմներով եւ տարածուելու ցանկութեամբ, աշխարհի ճակատագիրը կ՛որոշէին, խաղաղութեան եւ համակեցութեան դէմ կը գործէին: Ինչպէս յաճախ կը յիշեցնեմ՝ խաղաղութիւնը փոխարինելով խաղաղեցումով:
Երկու համաշխարհային պատերազմները, Միացեալ Նահանգներու հզօրացումը եւ որպէս հետեւանք՝ անոր կայսերականութեան զարգացումը, Խորհրդային միութեան ծնունդը եւ անոր քաղաքական-գաղափարաբանական սպառնալիքը պատճառ եղան, որ Եւրոմիութեան «հիմնադիր հայրերը» հասկնան, որ այլեւս չէին կրնար շարունակել քաղաքականութիւն խաղալ Հոպզի «մարդը մարդուն գայլն է» անիշխանական եւ անտառի օրէնքներով, եւ անհրաժեշտ էր ընդգրկել խաղաղութեան ուղին: Եւրոմիութեան ստեղծումը եւ շարունակման երաշխիքը պայմանաւորուած են խաղաղութեամբ, ոչ խաղաղեցումով, աւելի ճիշդ, անոր անդամ երկիրները հրաժարած են ուժի միջոցով տիրելու եւ գերակայութիւն հաստատելու ամէն կարգի փորձութենէ: Գերմանիա, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա եւ միւսները ընդունած են այլեւս չգործել կատարուած իրողութիւններ ստեղծելու անտառի օրէնքով, բիրտ ուժ գործածելով, ազգային ըմբռնումներէ թելադրուած պետութեան հրամայականներու անսալով, այսինքն՝ Raison d՛Etat-ով, հրաժարած են նաեւ գաղութարարական ամէն ձեւի փորձութիւններէ, փոխարէն՝ հաստատած են համագործակցութիւն, զէնքի դիմելու դիւրին ճամբան փոխարինած են երկխօսութեան առաքինութեամբ, որ կ՚ենթադրէ քաջութիւն եւ հոգեկան ուժ:
Եւրոմիութեան անդամները այս «նոր կարգ»ի, համագործակցութեան, երկխօսութեան, կատարուած իրողութիւններու վերջ տալու եւ զանոնք սրբագրելու ըմբռնումներու ընդմէջէն պէտք է խօսին Թուրքիոյ հետ: Այս մօտեցումով կը շրջանցուի նաեւ երբեմն ամբոխավարական կերպով յառաջ քշուող կրօնական փաստարկութիւնը: Այս մօտեցումով «Հայկական հարց»ը կը դառնայ իրաւ օրակարգ, ոչ թէ այս կամ այն հայկական համայնքի բաւարարութիւն տալու տեղայնական խուսանաւում, որուն համար ամենաթեթեւ ամբոխավարութեամբ հրապարակ կու գայ թրքական քարոզչութիւնը, երբ կ՛ըսէ, թէ կարգ մը քաղաքական դէմքերու հայանպաստ կեցուածքները կը բացատրուին ընտրական հաշիւներով:
Եւրոմիութիւնը խաղաղութեան եւ համագործակցութեան շրջանակ է, հակապատերազմ, հակակատարուած իրողութիւն: Անշրջանցելի հարցումը հետեւեալն է. Թուրքիա իր պատմութեան ընթացքին կուտակած սխալներով, ոճիրներով, գրաւումներով, բիրտ ուժի միջոցով ստեղծած կատարուած իրողութիւններով, Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար կը ներկայացնէ՞ անհրաժեշտ «առաքինութիւնները»: Այս հիմնական նշանակութիւն ունեցող հարցումին անսեթեւեթ կերպով պիտի պատասխանեն Եւրոմիութիւնը եւ Թուրքիան:
Եւ որպէսզի Թուրքիա նուաճէ այդ «առաքինութիւններ»ը, ան պարտի իր կողմէ անիրաւուած մեծ ու փոքր ժողովուրդներուն հետ «հաւասարութեան» կլոր սեղանին շուրջ նստիլ, պատմութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի չափանիշներով լուծումներ գտնելու համար հակամարտութիւններու, շարունակուող՝ բիրտ ուժի գործածութեամբ, որպէսզի խաղաղութեան «նոր կարգ»ին մէջ իր տեղը ունենայ: Քսաներորդ դարու կէսէն ետք Եւրոպայի ապրած նո՛ր յեղափոխութեան մէջ Թուրքիա ինչպէ՞ս իր տեղը պիտի գտնէ:
Հայկական դիւանագիտութիւնը եւ հայկական քարոզչութիւնը, այս ըմբռնումներով եթէ գործեն, հակաթուրք ըլլալու պիտակը կը վերցնեն իրենց վրայէն, վերազգայնական դիմագիծ կ՛ունենան, ընդունելի կ՛ըլլան, եւ խօսակիցներ կրնան նոյնիսկ խորհիլ, որ իրաւ խաղաղութեան այս փնտռտուքը, վերջին հաշուով, նաեւ թրքանպաստ է:
Խաղաղութեան «նոր կարգ»ին նպաստելու կամքով հրապարակ գալ՝ համախմբելով իրաւազրկուածները, որոնք, իրենց կարգին, պիտի գիտնան գործել իրաւունքի, արդարութեան եւ խաղաղութեան չափանիշներով, կառուցողական առաջադրանքով: Այս կ՛ըլլայ հակամարտութիւնները յաղթահարելու ճիշդ ուղին՝ Եւրոմիութեան գոյութեան իմաստասիրութեան հաւատարմութեամբ:
Դէմ ըլլալու փոխարէն, ճշմարտութեան եւ իրաւունքին ծառայելու թափանցիկ միտումով, զարգացնել «նոր կարգ»ին թեր ըլլալու քաղաքական-դիւանագիտական վարդապետութիւնը (doctrine), որուն մէջ կը միաձուլուին ազգային գաղափարախօսութիւնները եւ ցանկալի խաղաղութեան համամարդկային ձգտումները:
Այս խորհրդածութիւններու լոյսին տակ, մօտեցումներ եւ գործելակերպեր վերատեսութեան ենթարկելը ապագայակերտ կ՛ըլլայ: