Ինչպէս հաղորդած էինք, Շաբաթ, Օգոստոս 8ին, Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային հետախուզական գործակալութեան («Էֆ.-Պի.Այ.») համար նախապէս իբրեւ թարգման աշխատած Սիպըլ Էտմընտզի երդուեալ վկայութեամբ, ի յայտ եկաւ մանրամասնութիւններ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ կառավարութիւնը սերտօրէն առնչուած է մարդկանց եւ կազմակերպութիւններու ցանցի մը, որ կաշառած, ճնշում բանեցուցած եւ նոյնիսկ ահաբեկած է, որպէսզի դէմ դրուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման:
Այս վկայութիւնը վերջապէս համացանցին վրայ զետեղուած է եւ զայն կարելի է դիտել http://video.brownpublishing.com/video/newsdemocrat/sibel/ հասցէով: