Խմբագրութիւնս Անգարայէն ստացաւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարին մաս կազմող եւ շփոթեցնել միտող «Review of Armenian Studies» պարբերաթերթին 18րդ թիւը, որուն մէջ լոյս տեսած «ուսումնասիրութիւնները» եւ գրախօսականները կը միտին թրքական պետական տեսանկիւնը առաջ մղել, յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան ու ընդհանրապէս Հայկական Հարցին կապակցութեամբ:
Թերթին խմբագրական ու խորհրդատուական ցանկերուն մէջ կը տեսնուին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու փաղանգէն յայտնի դէմքեր, ինչպէս Շիւքրիւ Էլէքտաղ, Ճասթին ՄըքՔարթի եւ Եուսուֆ Հալաճօղլու: