ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայագիտական աշխարհէն ներս խռովալի վիճակ մը կը տիրէ: Լոս Անճելըսէն ծայր առած ու մինչեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ դռները հասած վէճը, դժբախտաբար, փոխանակ գիտական ուսումնասիրութիւններու խթանման ճանապարհով հայոց պատմագիտութեան հարցերու առաւել փաստացի, առաւել լայն ուսումնասիրութեան ճամբով լուսաբանման կարեւորութիւնը շեշտադրելու՝ դարձած է փոխադարձ ցեխարձակումներու ու վերագրումներու շուրջ արշաւներ ու ստորագրահաւաքներ կազմակերպելու շարժառիթ:
Հայոց պատմութիւնը ազատ, անկաշկանդ, խորհրդային վարչակարգի սահմանափակումներէն ձերբազատուած ուսումնասիրութիւններով լուսաբանելու հրաշալի հնարաւորութիւնը կայ այսօր: Այդ հնարաւորութիւնը ստեղծուած է Հայաստանի մէջ, անկախութեան առաջին օրերէն:
Արտասահմանի մէջ, մտքի ու արտայայտութեան ազատութեան մէջ ապրող ու հայոց պատմութեան հարցեր ուսումնասիրող մարդիկ, պատմաբան կամ հայագէտ, հայ թէ օտար, իրենք եւս ունէին իւրայատուկ սահմանափակումներ, որոնք կրնային խանգարել առաւել ամբողջական աշխատասիրութիւններ հրապարակելու գործը:
Յամենայնդէպս, հիմա վիճակը տարբեր է: Հիմա կարելի է ամէն ժամանակաշրջան, ամէն հարց հանգամանօրէն, բազմակողմանիօրէն քննել, ուսումնասիրել, լուսաբանել: Հիմա կարելի է վիճիլ ու առարկել անցեալին հրապարակուած գիրքերու, աշխատասիրութիւններու մէջ տեղ գտած այս կամ այն մօտեցումը, այս կամ այն վերլուծումը կամ վարկածը: Այսպէս ալ առաւել կը զարգանայ գիտութիւնը, այդպէս կը զարգանան նաեւ Հայոց պատմութեան տարբեր շրջաններու ուսումնասիրութիւնները, կը սրբագրուին սխալները, թոյլ ու ոչ գիտական մօտեցումները կը զիջին առաւել գիտական, առաւել փաստարկուած ու հիմնաւորուած տեսութիւններու:
Մեր պարագային, այս բնական զարգացումը յուզախառն ու պոռթկումներով առլցուն հանգրուաններէ կ՛անցնի, ինչ որ կրնար բնական ու նոյնիսկ դրական նկատուիլ, եթէ յատկանշուած չըլլար անտեղի ու ոչ-ակադեմական վերագրումներով, որուն մէկ մասը հասած է նաեւ ինծի՝ զիս ալ արժանացնելով ամէնէն վիրաւորական պիտակումներու, զորս այստեղ յիշատակելը անիմաստ կը գտնեմ:
Այս զգացական շրջանակէն դուրս գալով՝ կը ներկայացնենք վերջին զարգացումները.
Օգոստոս 15ին «Ասպարէզ» հրատարակած էր «Ի պաշտպանութիւն մտքի եւ գիտական սկզբունքների ազատութեան» յայտարարութիւնը, որ ստորագրուած էր երեսուն հայագիտական կեդրոններու պատասխանատուներու եւ աւելի քան հայկական հարցերով զբաղող 250 ակադեմականներու կողմէ:
Այս յայտարարութեան յաջորդեց հեռատեսիլի որոշ կայանէ մը սփռուած «Լոյս աշխարհ» յայտագիրէն ցեխարձակումներ ու յոխորտանքներ, որոնք կարելի չէ պատշաճ նկատել որեւէ վէճի համար, ալ ո՛ւր մնաց՝ ակադեմական բանավէճի շրջանակէ ներս:
Այս յայտարարութեան հակադարձող հաղորդագրութիւն մը հասաւ «Ասպարէզ»ին՝ հետեւեալ բովանդակութեամբ.
«Ասպարէզ» օրաթերթի յարգելի ղեկավարութիւն,
Մենք՝ Լոս Անջելեսում գործող հասարակական-մշակութային վեց կազմակերպութիւններս, 2009 թուականի Փետրուարի 14ին դիմել էինք Հայաստանի հանրապետութեան կառավարական եւ գիտական կառոյցներին (նաեւ՝ ՀՀ ԳԱ ակադեմիա) երկու հարցով։
Առաջին, ստեղծել հայոց պատմութեան համահայկական ինտերնետային բուհական (համալսարանական-Խմբ.) բազմալեզու դասագիրք՝ անվճար օգտագործելու պայմանով: Երկրորդ, գիտականօրէն արժեւորել ԱՄՆում շրջանառութեան մէջ գտնուող «The Armenian People from Ancient to Modern Times» վերնագրով երկհատորեայ դասագիրքը։ Առաջ անցնելով՝ ցանկանում ենք տեղեկացնել, որ մեր երկու առաջարկներն էլ ընդունուել են ՀՀ կառավարական եւ գիտական կառոյցների կողմից (կարող ենք տրամադրել փաստաթղթերը)։ Եղել է ՀՀ ԳԱ ակադեմիայի Ապրիլի որոշումը, որի մասին 2009 թուականի Յուլիսի 27ին «Արմէնփրէս»ին հարցազրոյց է տուել ՀՀ ԳԱ ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւնների բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Վլադիմիր Բարխուդարեանը, որը Յուլիսի 28ին հրապարակել է «Ասպարէզ» օրաթերթը։
«Ասպարէզ» օրաթերթի յարգելի ղեկավարութիւն, նախ շնորհակալութիւն ենք
յայտնում ձեզ՝ ձեր անկողմնակալ դիրքորոշման համար։ Սակայն, Օգոստոսի 15ին «Ասպարէզ» օրաթերթը հրապարակել է Ռիչարդ Յովհաննիսեանի դիմում-նամակը, որտեղ ասւում է, թէ իբր Վլադիմիր Բարխուդարեանն ընդհանրապէս այս թեմայով որեւէ անձի, որեւէ անգամ հարցազրոյց չի տուել։ Մենք՝ Լոս Անջելեսի մշակութային կազմակերպութիւններս, յայտարարում ենք, որ սա ուղղակի սադրանք է եւ սուտ, որն ուղղուած է «Ասպարէզ» օրաթերթի եւ «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան դէմ։ Մենք, Հայաստանեան մեր ներկայացուցչի միջոցով կապուելով «Արմէնփրէս»ի հետ՝ պարզել ենք, որ Վ. Բարխուդարեանն իրօք, Յուլիսի 27ին, հարցազրոյց է ունեցել «Արմէնփրէսի» թղթակցի հետ։ Սա արձանագրուած փաստ է, եւ Վլադիմիր Բարխուդարեանը երբեւիցէ գրաւոր կամ հրապարակային չի հրաժարուել եւ չի էլ կարող հրաժարուել, որ հարցազրոյց է տուել «Արմէնփրէս»ին։
Անրադառնալով Յուլիսի 13ին հրապարակուած «Intellectual Freedom and Integrity of Research in Armenian Studies» նամակ-յօդուածին՝ պատասխանում ենք, որ Հայոց պատմութեան զեղծարարների կողմից «ինտելեկտուալ ազատութեան» կոչերը անհիմն բարբաջանքներ են։ Որեւէ պատմաբան կամ հայագէտ չի կարող իր անգրագէտ զեղծարարութիւնները քօղարկել նման ապագոռգոռ կոչերով։ Անտեղեակներին նաեւ տեղեկացնում ենք, որ այդ շինծու նամակի տակ ստորագրողների մեծ մասը նոյնիսկ տեղեակ չէ, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը։ Մենք ունենք տեսաերիզներ, որտեղ ՀՀ ԳԱ ակադեմիայի ամենահեղինակաւոր մասնագէտները սուր քննադատութեան են ենթարկում «The Armenian People From Ancient to Modern Times» երկհատորեակի հեղինակների միտումնաւոր խեղաթիւրումները։
Խնդրում ենք ձեզ հրապարակել մեր հաղորդագրութիւնը, որպէսզի ձեր ընթերցողը իմանայ փաստացի ճշմարտութիւնը։
Դիմումը ստորագրողները՝ ներկայացուցիչներ են տարբեր հիմնարկութիւններու եւ միութեանց, որոնցմէ ոչ մէկը ակադեմական է:
Յամենայնդէպս, այս նամակէն ետք, «Ասպարէզ», փրոֆ. Յովհաննիսեանէն ստացած է Վլատիմիր Բարխուդարեանի հետեւեալ գրութիւնը.
«Արմէնփրէս» գործակալութեանը,
«Վերջին օրերին ինտերնետային որոշ կայքերում տպագրուած է «Արմէնփրէս»ի հաղորդագրութիւնը, իբր ինձ հետ ունեցած հարցազրոյցի վերաբերեալ: Նման հարցազրոյց տեղի չի ունեցել, ուստի խնդրում եմ ճշտել տեղեկատուութիւնը եւ հրապարակել հերքում»:
ՀՀ Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի
այագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւնների
բաժանմունքի ակադեմիկոս, քարտուղար ակադ. Վ. Բ. ԲԱՐԽՈՒԴԱՐԵԱՆ