Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութիւնը այսու հայ ժողովուրդին կը յայտնէ իր խորին մտահոգութիւնները՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութեանց բնականոնացման համար առաջադրուող զոյգ Արձանագրութիւններուն (Protocols) հանդէպ:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը տեւաբար կողմ եղած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններուն միջեւ ոչ միայն դիւանագիտական, այլ մանաւանդ բարիդրացիական դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման: Սակայն այս յարաբերութիւնները չեն կրնար հիմք ծառայել անձնատուութեան մատնելու հայ ժողովուրդը եւ պարտադրելու զայն, որ հրաժարի իր արդար իրաւունքներէն, որոնք կը բխին հայութեան դէմ գործադրուած այն Ցեղասպանութենէն, որ մասնատեց մեր ժողովուրդը, քանդեց մեր մշակութային ժառանգութիւնը եւ բռնագրաւեց մեր պապենական հողերը:
Մենք կը հաստատենք, որ՝
Առաջին, առաջադրուած զոյգ Արձանագրութիւնները անձնատուր կը դարձնեն հայութեան ազգային իրաւունքները՝ տրամադրելով «անխախտելիութիւն» Թուրքիոյ հողային տարածքին, որուն մէկ կարեւոր մասը իրաւապէս կը պատկանի հայութեան, մինչ Թուրքիոյ իրաւատիրութիւնը՝ խնդրական է: Սոյն հողատարածքին կարեւոր մասը, 1920 թուականին ու անկէ առաջ, իրաւականօրէն տրուած էր Հայաստանի հանրապետութեան պատկանելիութեան, եւ իբրեւ այդպիսին՝ ճանչցուած էր Հայաստանի հողատարածք: Այս հողատարածքին մեծ մասը ապօրինաբար խլուեցաւ Հայաստանէն՝ բռնի ուժի, ուժական ճնշումներու եւ միջազգայնօրէն դատապարտելի հակաօրինական միջոցներով:
Երկրորդ, անընդունելի է «բարիդրացիական յարաբերութիւնների ոգուն չհամապատասխանող քաղաքականութիւն վարելուց» ձեռնպահ մնալու յանձնառութեան ակնարկող տրամադրութիւնը, որ ըստ իմաստի՝ իրաւական անորոշութիւն կը պատճառէ եւ ըստ էութեան թաքուն նպատակներ կը հետապնդէ: Թուրքիա այս տրամադրութիւնը պիտի մեկնաբանէ այն հասկացողութեամբ, թէ՝ Հայաստան պիտի պարտի ձեռնպահ մնալ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքէն եւ անկէ բխող հողային ու նիւթական հատուցման պահանջէն: Իսկ ընդհակառակը, ՀՅ Դաշնակցութեան տեսակէտն է, որ այս տրամադրութիւնը պարտի տառացիօրէն պարտադրել Թուրքիոյ, որ ան մշտապէս դադրեցնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման իր քստմնելի արշաւը եւ Հայ ժողովուրդի հատուցման իր պարտաւորութիւններէն խուսափումը:
Երրորդ, առաջադրուած Արձանագրութիւնները կը տրամադրեն, թէ Հայաստան համաձայնի «իրականացնել երկու ժողովուրդների միջեւ… պատմական հարթութեան երկխօսութիւն, այդ թւում՝ պատմական փաստաթղթերի եւ արխիւների գիտական, անկողմնակալ ուսումնասիրութեան միջոցով գոյութիւն ունեցող խնդիրների յստակեցման ու առաջարկների ձեւակերպման համար»: Այս նենգ եւ վտանգաւոր հատուածը բացայայտ փորձ մըն է Հայկական Ցեղասպանութեան 94ամեայ քաղաքա-իրաւական խնդիրը վերածելու սոսկ պատմական վիճելի հարցի: Պատմաբաններուն համար Ցեղասպանութեան փաստը երբեք վիճելի չէ եղած: Այդ փաստը կ՛արտացոլայ ոչ միայն ականատես զոհերու վկայութիւններէն, այլ նաեւ Թուրքիոյ յետ-պատերազմեան դատական ատեաններուն առջեւ նոյնինքն Ցեղասպանութիւնը գործադրողներու վկայութիւններէն, եւ յատկապէս՝ Թալէաթ Փաշայի վերջերս ի յայտ բերուած «Սեւ Գրքի» օրագրային արձանագրութիւններէն: Որեւէ համաձայնագիր, որ քաղաքական տարրերու կը վստահի Ցեղասպանութեան «գիտական ուսումնասիրութիւնը», վտանգաւոր սադրանք է, ինչպէս նաեւ անարգանք՝ ընդդէմ մէկուկէս միլիոն Հայ նահատակներուն ու վերապրողներուն, որոնք իրաւազրկուեցան իրենց ազգային ժառանգութենէն եւ հազարամեայ պապենական հայրենիքէն: Այս մէկը՝ Հայ ժողովուրդը չի կրնար ընդունիլ եւ պիտի չընդունի:
Տակաւին տարի մը առաջ, Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւնը, օգնական քարտուղարի գործակատար պրն. Մէթիու Ա. Րէյնըլտզի ստորագրած նամակին միջոցով, իր պաշտօնական վարքագիծը հաստատեց Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի օրուան ատենապետ Ճոզէֆ Պայտընին՝ յայտնելով. «Մեր նպատակն է օժանդակել արխիւներու պատասխանատուներուն՝ պահպանելու անցեալի փաստը, որպէսզի ապագայ սերունդներուն տրամադրելի ըլլան 1915ին Օսմանեան բանակայիններու եւ այլ Օսմանեան պաշտօնատարներու հայութեան դէմ գործադրած զանգուածային սպանդի ու տեղահանութեան փաստական թղթածրարները: Մեր նպատակը չէ բանալ բանավէճ, թէ՝ Օսմանցիները երբեւէ գործադրեցի՞ն այս ահաւոր արարքները: Մեր նպատակն է պահպանել փաստական թղթածրարները, որոնք կը հաստատեն այդ արարքներուն ճշմարտութիւնը…: Կառավարութիւնը կ՛ընդունի թէ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայերու դէմ զանգուածային սպանդը, ազգագրական մաքրագործումը, եւ բռնի տեղահանութիւնները կիրարկուեցան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Մենք անտարակոյս պատասխանատու կը գտնենք Օսմանեան պաշտօնատարները սոյն ոճիրներուն համար»:
Արդ, մենք Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջենք հետամուտ ըլլալ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան վերոնշեալ վարքագծին, եւ չիյնալ թակարդը կամ ենթարկուիլ ճնշումներու՝ դրժելու համար մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը: Պատմութիւնը հեշտութեամբ պիտի չընկալէ նման հսկայական աղէտ պատճառող պատասխանատուները:
Մենք կը յուսանք, որ Թուրքիոյ հետ բարի յարաբերութիւններ հաստատուին: Սակայն այդ յարաբերութիւնները չեն կրնար հիմնուիլ սուտի եւ ճնշամիջոցի վրայ: Ընդհակառակն, անոնք պէտք է մեկնակէտ ունենան անցեալի սխալներու ճանաչումը եւ մեղանչման համապատասխան չափի որդեգրումը՝ ստեղծելու համար բարի կամեցողութեան պարկեշտ միջավայր, որպէսզի կարենանք ապահովել մեր նորահաս սերունդներուն ապագան:
Հայաստանի կառավարութիւնը չի կրնար եւ արտօնութիւնը չունի սակարկելու պատմական ճշմարտութիւնը, անձնատուր դարձնելու Հայ ժողովուրդին իրաւունքները եւ վտանգելու մեր ազգային ապահովութիւնը:
Սեպտեմբեր 1, 2009
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ