Վեց շաբաթէն արդէն քանի մը օր ալ պակսած է: Թանկագին ժամանակ կորսուած է ու իւրաքանչիւր անցնող օր պարտաւոր ենք յագեցնել այնպիսի յարաբերական, բացատրական, զեկուցական ու ցուցական աշխատանքներով, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ այս համայնքը, մեր համայնքը զօրաշարժի ենթարկել ու արտայայտել, դրսեւորել համընդհանուր մեր ընդդիմութիւնը՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարեկարգման անունով կատարուած Հայաստանի իշխանութեանց միակողմանի անձնատուութեան:
Մեր դիմագրաւած սպառնալիքի տարողութիւնն ու լրջութիւնը մեզմէ ուրիշ որակի աշխատանք կը պահանջէ: Սովորական կոչերով, հանդիպումներով, հաւաքներով չենք կրնար բաւարարուիլ ու չենք կրնար բախտի ու պատահականութեան թողուլ հաւաքական մեր ընդդիմութեան արտայայտութիւններու դրսեւորումները, որոնք բոլորն ալ պէտք է ըլլան ազդեցիկ, տպաւորիչ, շեշտակի:
Այդպէս պէտք է ըլլան, որպէսզի պատգամը տեղ հասնի, որպէսզի Հայաստանի պետական պատասխանատուները հասկնան ու գիտակցին մեր ընդվզումի ու բարկութեան սաստկութիւնը, որպէսզի անդրադառնան, թէ ինչպիսի՛ վտանգներու կ՛առաջնորդեն թէ՛ մեր նոր պետականութիւնը եւ թէ հայորդիներու արեամբ նուիրագործուած Ղարաբաղի անկախութիւնը:
Այս լուրջ մարտահրաւէրը պարտաւորուած ենք միասին դիմագրաւելու, այստեղ եւ ամէնուր:
Միասին՝ տարբեր քաղաքական ու գաղափարական համոզումներ ունեցող կուսակցութիւններով,
Միասին՝ հասարակական, մշակութային, բարեսիրական, մարզական, երիտասարդական, հայրենակցական ու ընկերային միութիւններով ու կազմակերպութիւններով,
Միասին՝ մտաւորականութեամբ ու ժողովուրդով,
Միասին, բոլորս, պէտք է կարենանք համոզել, ապացուցել առ որ անկ է, թէ երբ մեզ կը դնեն մեր երկրի գերիշխանութիւնը, մեր ազգային ձգտումներուն եւ իրաւունքներուն կռուանները կորսնցնելու երկընտրանքին առջեւ, մենք կրնանք ստեղծել հաւաքական ծառացումի այնպիսի իրավիճակ, զոր կարելի չէ հաշուի չառնել, եւ որուն հետ կարելի չէ հաշուի չնստիլ:
Ահազանգը հնչած է բոլորիս համար: Այստեղ, ո՛չ առաջինը շարժելու պատուախնդրութիւնը կարեւոր է, ո՛չ ալ քաղաքական յաւակնութիւններու բախման ժամանակն է:
Մենք պատրաստ ենք որեւէ առաջարկ, որեւէ ծրագիր քննելու, եւ բոլոր առաջարկներն ու ծրագիրները միասնական դարձնելու անկեղծ տրամադրութեամբ կը շարժինք:
Կարեւո՛րը, էակա՛նը, կենսակա՛նը՝ ձախողեցնելն է հայավնաս պայմանաւորուածութիւնները:
ԿԵՑՑԵՔ
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹՅՈՒՆ