ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորմամբ զբաղող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նոր համանախագահի պաշտօնին նշանակած է Խորուաթիոյ ամերիկեան առաքելութեան նախկին ղեկավար, դեսպան Ռապըրթ Պրատթքին, որ պիտի փոխարինէ ԱՄՆ պետական փոխքարտուղարի նախկին օգնական Մէթիու Պրայզան:
«Ռապըրթ Պրատթքի այս պաշտօնը կը ստանձնէ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ աւելի քան 36 տարուան աշխատանքէ եւ եւրոպական անվտանգութեան քաղաքականութեան ոլորտին մէջ իր ունեցած փորձառութենէն ետք», ըսուած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան Սեպտեմբեր 7ի հաղորդագրութեան մէջ:
Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կը հասկնայ Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առանցքային կարեւորութիւնը, եւ կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ դրական վերջին երկխօսութիւնը։ «ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երկու նախագահներուն յայտնած է իր հետաքրքրութիւնը՝ Մինսկի խումբի հետագայ ջանքերուն մէջ հակամարտութիւնը արդիւնաւէտ հանգրուանի բերելու վերաբերեալ, իսկ Պարաք Օպամայի վարչակազմը պատրաստ է ամէն ինչ ընելու՝ այդ նպատակին աջակցելու համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, աւելցնելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւնները տեղեկացուած են նոր նշանակման մասին:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանի, Հայաստանի ԱԳ նախարարութիւնը պատրաստ է գործակցելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նորանշանակ ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքիի հետ: «Դա ամերիկեան իշխանութիւնների որոշումն է, մենք պատրաստ ենք աշխատել նոր համանախագահի հետ», յայտնած է Տ. Բալայեան:
Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլհան Փոլուխովի հաւաստումով, նոր նախագահին հետ աշխատելու պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարութիւնը՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը այդ բանակցային գործընթացին մէջ կը մնայ անփոփոխ: