ՊԸՐՊԷՆՔ.- Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, թէ Խաչվերացի տօնին առիթով, Կիրակի, Աեպտեմբեր 13ին, Ս. եւ անմահ պատարագին պիտի քարոզէ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Պատարագը պիտի սկսի ժամը 10:30ին եւ պատարագի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նորակառոյց Մայր տաճարի փոքր գմբէթներու խաչերուն եւ նոր կնքահայրերու խաչերուն օծումը:
Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ առաջնորդարանի «Խաչատուրեան» եգրչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի: Մանրամասնութեանց համար դիմել առաջնորդարան՝ (818) 558-7474 թիւով: