ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնուած նախագիծերուն շուրջ շրջանային եւ միջազգային մամլոյ ծառայութիւններուն մէջ լոյս տեսած հարիւրաւոր յօդուածները, ինչպէս նաեւ տարբեր պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած բազմաթիւ յայտարարութիւնները վերանայելէ ետք յստակ կը դառնայ, թէ այդ համաձայնութիւնները պիտի չվաւերացուին թրքական խորհրդարանին կողմէ, բացի եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը նախ զիջում կատարէ Ղարաբաղի (Արցախի) հարցին մէջ։
Ակնկալուածին համաձայն, անցեալ շաբաթ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն մօտ մեծ խռովութիւն կար նախագիծերուն շուրջ։ Առաւել, կարգ մը ատրպէյճանցի պաշտօնատարներ եւ վերլուծաբաններ քննադատեցին թուրք ղեկավարները, թէ՝ նահանջ կ՛արձանագրէին իրենց շարունակ կրկնած խոստումներէն, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանին բացման մինչեւ Ղարաբաղի տագնապին լուծուիլը։
22 Ապրիլին, երբ Հայաստանն ու Թուրքիան հրապարակեցին «ճանապարհաքարտէս» մը՝ կանոնաւորելու համար իրենց վիճելի յարաբերութիւնները եւ բանալու համար իրենց սահմանը, Ատրպէյճան բուռն կերպով դէմ կեցաւ այդ մէկին՝ սպառնալով հակադարձել Թուրքիոյ՝ առնելով շարք մը քայլեր, ներառեալ քարիւղի մատակարարման կասեցումը։ Թուրք ղեկավարներ անմիջապէս կասեցուցին «ճանապարհաքարտէս»ին կիրարկումը՝ հանդարտեցնելու համար իրենց փոքր եղբայրը՝ Ատրպէյճանը։ Թուրք պաշտօնատարներ շարունակ յայտարարեցին, թէ՝ պիտի չբանան Հայաստանի հետ իրենց երկրին սահմանը, բացի եթէ Ղարաբաղի տագնապը լուծուի Ատրպէյճանի փափաքած ձեւով։ Վարչապետ Էրտողան Մայիսին ստիպուեցաւ այցելել Պաքու, որպէսզի նոյն այդ խոստումը հռչակէ երկրի խորհրդարանին առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին։
Սակայն մինչ սառած «ճանապարհաքարտէս»ը կիրարկելու միջազգային ճնշումը ծանրացաւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ վրայ, թուրք պաշտօնատարները սկսան զգուշանալու անգամ մը եւս Ատրպէյճանը նեղացնելէ։ Այս անգամ անոնք ամբողջական տեղեկագրութիւն փոխանցեցին նախագահ Ալիեւին, Հայաստանի հետ իրենց ունեցած քննարկումներուն իւրաքանչիւր քայլէն ետք, շարունակ վստահեցնելով, թէ իր շահերը պիտի պաշտպանուին եւ թէ ոչ մէկ համաձայնութիւն կը կայացուի Հայաստանի հետ առանց նախ եւ առաջ Ղարաբաղի տագնապի լուծման։
31 Օգոստոսին, երկու նախագիծերու յայտարարութենէն կարճ ժամանակ առաջ, վարչապետ Էրտողան հեռաձայնային կապ հաստատեց նախագահ Ալիեւին հետ՝ անոր տեղեակ պահելու համար անցուդարձերէն, ինչպէս նաեւ թուրք բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Պաքու՝ խօսակցութիւնները շարունակելու համար։
Արհեստավարժական ձեւով պատրաստուած այդ երկու նախագիծերուն երկար պարունակութեան, ինչպէս նաեւ անոր կցուած ժամանակացոյցին մօտիկ քննութիւն մը ի յայտ կը բերէ, թէ ամէնէն ճակատագրական մանրամասնութիւնը՝ անոնց վաւերացման թուականները, դուրս ձգուած են… Փաստաթուղթերը մեծ ճշգրտութեամբ կը նշեն համաձայնութիւններուն պայմանները, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր «առնուելիք քայլի» ժամկէտը։ Օրինակի համար, անոնք կը նշեն, թէ 31 Օգոստոսէն սկսեալ Հայաստանն ու Թուրքիան վեց շաբաթ ունին աւարտելու «ներքին քաղաքական խորհրդակցութիւնները», նախքան նախագիծերուն յանձնուիլը համապատասխան խորհրդարաններու՝ վաւերացման նպատակով։ Փաստաթուղթերը նաեւ կը նշեն սահման բանալու եւ զանազան յանձնախումբերու կազմութեան ճիշդ ժամանակացոյցը:
Սակայն այդ բոլոր քայլերը կախեալ են երկու խորհրդարաններուն կողմէ նախագիծերուն վաւերացումէն, որուն համար թուական կամ ժամկէտ չէ ճշդուած։ 31 Օգոստոսին հրապարակուած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միացեալ յայտարարութիւնը պարզապէս երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ, որ «իրենց լաւագոյնը ընեն»՝ նախագիծերը «ճիշդ ժամանակին» վաւերացնելու համար։ Ժամկէտի բացակայութիւնը վստահաբար վրիպումի հետեւանք չէ…
Թուրքիոյ երկու նախապայմաններուն՝ «պատմական» յանձնախումբի կազմութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման շուրջ հայաստանցի պաշտօնատարներուն հաւանութիւնը ապահովելէ ետք, Անգարա խելացի լուծում մը գտաւ իր երրորդ նախապայմանին գծով։ Ան Հայաստանի հետ սահմանի բացումը կապեց Արցախի տագնապին լուծման հետ, առանց նախագիծերուն մէջ ներառելու այդ պահանջին մասին ուղղակի վերագրում մը։
Տրուած ըլլալով, որ երկու խորհրդարաններուն կողմէ առաջարկուած համաձայնութեան վաւերացումը յատուկ ժամկէտ մը չունի, թրքական կառավարութիւնը հաւանաբար գործի պիտի լծէ իր դիւանագիտական ընդարձակ աղբիւրները՝ ճնշում բանեցնելու համար Հայաստանի վրայ, Արցախի հարցով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջնորդներուն՝ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ճամբով, որպէսզի զիջումները ընդունելի դարձնեն Ատրպէյճանին։
Ուստի կ՛ակնկալուի, որ Թուրքիա ուշացնէ իր խորհրդարանին կողմէ նախագիծերուն վաւերացումը, մինչեւ Արցախի հարցով Ատրպէյճանի պայմաններուն լրացումը։ Վերջին օրերուն շարք մը թուրք յօդուածագիրներ մատնանշեցին նախագիծերուն մէջ գտնուած այդ բացթողումը՝ յոխորտալով, թէ Թուրքիա իր սահմանը պիտի չբանայ, մինչեւ որ Հայաստան հողային զիջում կատարէ Արցախի մէջ։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու նոյն այդ խոստումը յայտարարեց գրեթէ օրական դրութեամբ, 31 Օգոստոսի յայտարարութենէն ետք։
Հետաքրքրականօրէն, նախագահ Ալիեւ ոչ մէկ ճակատագրական խօսք հռչակած է այդ համաձայնութեան մասին, որ կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանի հետ սահմանի բացման, բան մը, որուն ինք բուռն կերպով հակառակ է։ Պատճառը այն է, որ Անգարա անոր վստահեցուցած է, թէ այդ ձեւի բան տեղի պիտի չունենայ, մինչեւ որ Արցախը իրեն հրամցուի արծաթեայ պնակոը մը…
Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը շարունակ կրկնած են, թէ պիտի չընդունին ոչ մէկ կապ Արցախի բանակցութիւններուն եւ թրքական սահմանի բացման միջեւ։ Իրենց սեփական վստահելիութիւնը պահելու եւ երկրին ազգային շահերը պաշտպանելու համար, Հայաստանի ղեկավարները պէտք չէ նոյնիսկ ամենաչնչին զիջումները կատարեն Արցախի հարցով եւ պէտք է մերժեն վաւերացնել այդ նախագիծերը, մինչեւ թրքական խորհրդարանին կողմէ անոնց վաւերացումը։ Սակայն տրուած ըլլալով, որ Թուրքիա կը մերժէ վաւերացնել զանոնք առանց Արցախի տագնապի լուծման, ամբողջ համաձայնութիւնը պիտի խորտակուի եւ միջազգային հանրութիւնը Թուրքիան պատասխանատու պիտի համարէ անոր ձախողութեան համար…
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր