ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած վարչապետ Սաատ Հարիրի Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյմանի հետ եւ ինչպէս կը նախատեսուէր, հրաժարեցաւ նշեալ պատասխանատուութենէն՝ քննադատելով ընդդիմութեան ցուցաբերած մերժողական կեցուածքը:
Իր կարգին, ընդդիմութիւնը Հարիրին պատասխանատու համարեց կառավարութեան կազմութիւնը ուշացնելու խնդիրին համար։
Յիշեցնենք, թէ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին Յունիս 7ին եւ ցարդ կարելի չէ եղած կառավարութիւն մը կազմել:
Նախագահական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ կառավարութեան կազմութեան յանձնառութիւնը ստանձնած վարչապետին հրաժարականը ժողովրդավարական քայլ մըն է եւ ըստ սահմանադրութեան, նախագահը Լիբանանի խորհրդարանի անդամները դարձեալ պիտի հրաւիրէ խորհրդակցութիւններու՝ յաջորդ վարչապետի նշանակման հարցին շուրջ:
Սլէյման նոյն օրը հանդիպում մը ունեցաւ ընթացաւարտ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ:
Խորհրդարանի մեծամասնութեան աղբիւրները հաստատեցին, թէ երեսփոխան Սաատ Հարիրի կրկին վարչապետ պիտի նշանակուի:
Հարիրի շաբաթասկիզբը ներկայացուցած էր կառավարութեան կազմը, որուն անունները չէին հրապարակուած: Ընդդիմութիւնը անմիջապէս քննադատած էր այս քայլը, որովհետեւ Հարիրի այդ քայլին դիմած էր առանց նկատի առնելու ընդդիմութեան պահանջները:
Ընդդիմութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Չորեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Սլէյմանի հետ, ներկայացուց իր դիտողութիւնները Հարիրիի ներկայացուցած կառավարութեան կազմի պատկերացումին առնչութեամբ։
Ընդդիմութիւնը կը պահանջէ Ժըպրան Պասիլը պահել հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար, սակայն որոշած է ետ քաշել զօր. Միշէլ Աունի ներկայացուցած այն պահանջքը, թէ՝ ներքին գործոց նախարար պէտք է ըլլայ ընդդիմութեան թեկնածուն:
Մ. Սլէյման ընդդիմութեան կեցուածքները նկատեց յաւելեալ խորհրդակցութիւններու ատակ կեցուածքներ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ ընդդիմութիւնը պատրաստ է զիջելու ներքին գործոց նախարարութենէն։
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան յանձնառութիւնը ստանձնած վարչապետին պէտք է յաւելեալ ժամանակ տրամադրել, աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կազմելու այս տագնապը կրնայ յաջող լուծում մը գտնել։
Ան նշեց, որ սուտ է այն կողմը, որ կ՛ըսէ, թէ կառավարութեան կազմութեան գործընթացին մէջ արտաքին միջամտութիւններ չկան, «Իսկ այն կողմը, որ կը նկատէ, թէ միայն լիբանանեան ներքին ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ կառավարութիւնը կազմել, ամբողջական չի տեսներ տիրող ընդհանուր պատկերը»։