ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- Հայաստան կը գտնուի թրքական «Հիւրրիյէթ տէյլի նիուզ»ի թղթակից, հայազգի Վերճիհան Զիֆլիօղլուն, ըստ որուն, ինք եւ հրապարակագիր ու թարգմանիչ Արթուր Անդրանիկեանը հանդէս եկած են հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ մը:
Անցեալ շաբաթ սկսած ծրագիրով մը դասական թրքական բանաստեղծութիւնը առաջին անգամ ըլլալով պիտի թարգմանուի հայերէնի, իսկ հայկականը՝ թրքերէնի: Լրագրողը անձամբ մեկնած է Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարին մօտ եւ ներկայացնելով ծրագիրը՝ անոր հաւանութիւնը ստացած է այդ ուղղութեամբ: Թուրքիոյ կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ, հայաստանցի թրքագէտները արդէն իսկ լծուած են գործի: