ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Կառավարութիւնը Սեպտեմբեր 10ի իր նիստին որոշած է նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերել «Հայաստանի կոյրերի միաւորում» հաշմանդամներու հասարակական կազմակերպութիւններուն (ՀԿ)։ Այդ նպատակով կառավարութիւնը առաջարկած է, որ Հայաստանի աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութեան յատկացուի 53.8 միլիոն դրամ:
Նոյն նիստին ընթացքին, կառավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկած է նախապէս ընդունած իր երկու որոշումները, իսկ երկու այլ որոշում չեղեալ համարած: