Անցեալ օրերուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն հանդիպումներ ունեցաւ շրջանիս մէջ գործող միութիւններու, կազմակերպութիւններու ղեկավար կազմերուն հետ:
Լուսաբանութիւններ, զեկուցումներ, վերլուծումներ փոխանցելու եւ կարծիքներ ու առաջարկներ ընդունելու նպատակով ձեռնարկուած հանդիպումներուն այս շարքը յաջորդ շաբաթ ե՛ւս պիտի շարունակուի:
Այս բոլոր հանդիպումներու մասնակիցներուն վերաբերմունքը, անոնց հակազդեցութիւնները, անոնց պոռթկումներն ու ընդվզումը յստակ կը դարձնեն, թէ մարդիկ անդրադարձած են պահու լրջութեան եւ անպայման կ՛ակնկալեն, որ ձեռնարկուի քաղաքական, քարոզչական այնպիսի՛ աշխատանքներու, որպէսզի Հայաստանի իշխանութեանց ներկայացուցիչները ճիշդ հասկնան ընդվզումի սաստկութիւնն ու տարողութիւնը, եւ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց դիրքորոշումը:
Ճի՛շդ է ու տեղին այդ ակնկալութիւնը:
Փոխադարձաբար, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ այս պարագային նաեւ՝ միացեալ ճակատով աշխատելու պատրաստակամութեամբ ճամբայ ելած միւս կուսակցութիւնները կ՛ակնկալեն, որ գաղութիս մէջ գործող միութեանց ղեկավարները նոյն ջանախնդրութեամբ քարոզչական ու բացատրական աշխատանքներ տանին իրենց շարքերուն մէջ՝ իրենց շրջապատը զօրաշարժի ենթարկելով ու մղելով, որ պատրաստ ըլլան ընդառաջելու զիրենք գործի հրաւիրող կոչերուն, ու մասնակցին առաջարկուած բոլոր ձեռնարկներուն, հաւաքներուն, նամակագրական արշաւներուն ու ցոյցերուն:
Միութիւններէն դուրս գտնուող հայ մարդը եւս պարտականութիւններ ունի այսօր: Հայ-թրքական միջպետական արձանագրութեանց ստորագրումը, եթէ իրականանայ, իւրաքանչիւրիս համար ծանր հարուած պիտի ըլլայ: Հետեւաբար, կը դիմենք իւրաքանչիւր հայորդիի, որ, ո՛չ միայն ինք ընդառաջէ կազմակերպութիւններու կոչերուն, այլեւ՝ իր բաժինը բերէ պատգամը տարածելու աշխատանքներուն:
Ցոյցերու ծանուցումները տարածեցէք, հետապնդեցէք, որ մարդիկ անպայմա՛ն գան ու մասնակցին ձեզի հետ: Ժամադրուեցէք ցոյցի ու հաւաքներու վայրերը:
Եթէ ելեկտրոնային նամակներ գրելու արշաւի հրաւիրուիք, ապա ընդառաջեցէ՛ք:
Զօրաշարժի ազդարարութիւնը եղած է: Ազդը պէտք է հասնի ամէն անկիւն, ամէն հայկական օճախ:
Հետեւեցէք մամուլի հրապարակումներուն ու կոչերուն:
Կը տեսնուինք աշխատանքի դաշտին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.