ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Սեպտեմբեր 11ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան նախկին փոխնախագահ Մովսէս Արիստակէսեան յայտնած է, որ կուսակցութենէն զինք հեռացնելու մասին վարչութեան Սեպտեմբեր 9ի որոշումը կայացած է կանոնադրական խախտումներով:
Ըստ Մ. Արիստակէսեանի, եթէ հարցը կուսակցութեան մէջ չլուծուի, ապա ինք եւ իր հետ հեռացուած կուսակիցները ստիպուած պիտի ըլլան Արդարադատութեան նախարարութեան դիմել:
Ըստ իրեն, կուսակցութենէն հեռացուելու պատճառը այն է, որ իրենք պահանջած են հաշուետուութիւն կատարել ե՛ւ իրենց գործունէութեան, ե՛ւ նաեւ Ժառանգութիւն խորհրդարանական խմբակցութեան գործունէութեան եւ գործուղումներուն մասին: Սակայն հաշուետուութիւն ներկայացուցած են միայն Րաֆֆի Յովհաննիսեանը, Վարդան Խաչատրեանը, Լարիսա Ալաւերդեանը եւ Զարուհի Փոստանջեանը, իսկ Արմէն Մարտիրոսեանը՝ հրաժարած է: