ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, Սեպտեմբեր 13 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը քննադատէ հայ եւ թուրք արտաքին գործոց նախարարութիւններու կողմէ հրապարակուած արձանագրութիւնները, որոնք կ՛առնչուէին դիւանագիտական կապեր հաստատելու հարցին:
Կեդրոնական կոմիտէն կը հաստատէ, թէ Հայաստան եւ Թուրքիա պէտք է քայլեր առնեն յարաբերութիւն հաստատելու համար, սակայն որեւէ արձանագրութիւն պէտք է ըլլայ առանց նախապայմանի եւ Հայաստանի ազգային շահերուն վտանգ պէտք չէ հասցնէ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ սոյն արձանագրութիւններով լուրջ սխալներ գործած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը: Ինչպէս արձանագրութիւնները կը նշեն, Հայաստան տեղի տուած է Թուրքիոյ առաջադրած նախապայմաններուն՝ վտանգելով իր ազգային եւ պետական շահերը, որոնց կարգին են յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացն ու Արցախի ինքնավարութեան իրաւունքը:
ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ իր տարածաշրջանէն ներս բնակութիւն հաստատած բոլոր ամերիկահայ համայնքներուն, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն խաղաղ ցոյցի մը՝ «Արդարութեան համար բողոք»ին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19ին, Նիւ Եորքի մէջ գտնուող ՄԱԿի մօտ Հայաստանի ներկայացչութեան մօտ (119 East 36th St.):
Ցոյցը կազմակերպուած է ՀԵԴի կողմէ եւ անոր նպատակն է թիկունք կանգնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչման:
«Մենք նեցուկ կը կանգնինք Հ.Ե.Դաշնակցութեան կազմակերպած ցոյցին», յայտնեց ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեան, որ աւելցուց, թէ ամէն ճիգ պէտք է թափել՝ ներկայ ըլլալու համար Նիւ Եորքի ցոյցին:
Այս ցոյցին կողքին, շրջանը կազմակերպած է համացանցային նամակարշաւ մը՝ պայքարելու համար այս արձանագրութիւններուն դէմ:
Նաեւ, մօտիկ ապագային, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանատուն՝ իր դիրքորոշումը ներկայացնելու համար այս անցուդարձերուն կապակցութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.