ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէն կը շարունակէ հայ-թրքական արձանագրութեանց ստորագրման վտանգներու պարզաբանման եւ անոնց դէմ համայնքին մէջ միասնական պայքարի ծրագիր մշակելու առաջադրանքով ձեռնարկած հանդիպումները:

Այս ծիրէն ներս, Երկուշաբթի, 14 Սեպտեմբերին, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփանէն, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանէն ու ԿԿի անդամ Յովան Թաշճեանէն, Պըրպէնքի ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեանի հետ:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները տեղեակ պահեցին սրբազանը ցարդ կատարուած աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, շեշտելով նաեւ արձանագրութեանց դէմ միասնական հզօր ալիք ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը եւ գործին՝ ազդեցիկ բոլոր շրջանակներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը:
Յովնան սրբազանը գնահատեց գաղութիս մէջ այս հարցին վերաբերեալ ստեղծուած համախոհութիւնը եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր մտահոգութիւններն ու առաջարկները:
ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը նոյն օրը հանդիպում ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Անտոն Սարոյեանի հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ համայնքի Եկեղեցական խորհուրդի անդամները:
Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին արձանագրութիւններուն դէմ տարուող աշխատանքներուն, նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը՝ մասնակցելու միացեալ ուժերով իրականացուող ծրագիրներուն: