ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Հաւիէ Սոլանայի գրասենեակը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին յայտարարեց, թէ Իրանի հիւլէական ծրագրին շուրջ միջազգային միջնորդներու վեցեակի (ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներն ու Գերմանիան) եւ Իրանի ներկայացուցիչներու հանդիպումը պիտի կայանայ Հոկտեմբեր 1ին:
Հանդիպման պիտի մասնակցի նաեւ Սոլանան, որ աւելի ուշ լրագրողներուն յայտնեց, թէ բանակցութիւնները «շատ հաւանաբար» տեղի ունենան Թուրքիոյ մէջ:
Հանդիպումը առաջին առիթը պիտի ըլլայ իրարու քով բերելու ամերիկացի եւ իրանցի ներկայացուցիչներ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի՝ իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր: