ՊՈԼԻՍ.- Երեքշաբթի օր, յատուկ արարողութեան մը ընթացքին Պոլսոյ մէջ «Հրանդ Տինք» Միջազգային հիմնադրամի ղեկավարները տարաբախտ հայ լրագրողի անուան տարեկան մրցանակները յանձնեցին այս տարուն ընտրեալ թեկնածուներուն:

Տինքի ընտանեկան պարագաներուն, մարդկային իրաւանց գործիչներու, խորհրդարանականներու եւ շուրջ հինգ հարիւր հիւրերու ներկայութեամբ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին, մրցանակներ յանձնուեցան «Թարաֆ» ձախակողմեան հակումով թերթի աշխատակից, լրագրող Ալպեր Կիւրմուշի եւ իսրայելացի լրագրող Ամիրա Հաասի: