ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նախկին յօդուածներուս մէջ արծարծած եմ գլխաւոր ժխտական երեսները արդէն իսկ նախաստորագրեալ Հայաստան-Թուրքիա համաձայնութիւններուն (արձանագրութիւններուն), որոնք հրապարակուեցան 31 Օգոստոսին։ Մտահոգութիւնները որոնց ակնարկեցի կը վերաբերէին երկու անընդունելի նախապայմաններու՝ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման, եւ պատմական արխիւները ուսումնասիրելու համար մասնագէտներու միացեալ յանձնաժողովի մը կազմութեան, որ ոչ-ծածուկ ակնարկութիւն մըն էր Հայկական ցեղասպանութիւնը վերաքննելու։
Ստորեւ՝ առաւել համապարփակ արժեւորում մը, որ կու տայ տաս պատճառներ թէ ինչու Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք չէր նախաստորագրեր, ու նաեւ պէտք չէ ստորագրէ եւ վաւերացնէ այս համաձայնութիւնները (արձանագրութիւնները)։
1. Հայաստանի ղեկավարները, սխալ դատողութեամբ, կը փորձեն մեծ թիւով հայ-թրքական զգայացունց հարցեր լուծել միանգամայն, միակ համաձայնութեան մը ճամբով։ Տասնամեակներու վրայ տարածուած հակառակութիւններ կարելի չէ այդպիսի հապճեպով լուծել։ Հայաստանի պաշտօնատարները պէտք էր զգուշութեամբ եւ աստիճանաբար յառաջ շարժէին, սկսելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակելու պարզ քայլով մը, որուն կրնար հետեւիլ սահմանի բացումը։ Աւելի բարդ հարցերը պէտք էր ձգուէին հետագայ թուականի մը։
2. Տրուած ըլլալով, որ այդ բանակցութիւններուն յայտարարուած նպատակը Հայաստանի հետ սահմանի բացումն է, որ Թուրքիոյ կողմէ փակուեցաւ տասնվեց տարի առաջ, պատճառ չկար այդքան երկար եւ բարդ բանակցութիւններ վարելու, եւ պատրաստելու ընդարձակ փաստաթուղթ մը, որ կը ներառէր շատ մը անկապ եւ անընդունելի պայմաններ։ Աւելի իմաստուն պիտի ըլլար յառաջ բերել մէկ նախադասութիւն պարունակող համաձայնութիւն մը, որ պարզապէս պիտի ըսէր. «Հայաստան եւ Թուրքիա կը համաձայնին հաստատել դիւանագիտական կապեր եւ կը հռչակեն իրենց հասարակաց սահմանին բացումը 1 Յունուար 2010ին»։ Իրականութեան մէջ, այդպիսի մէկ տողնոց համաձայնութիւն մը որդեգրուեցաւ Միացեալ նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ, 1972ին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու ատեն։
3. Հայաստան պէտք չունէր զիջումներ կատարելու, որպէսզի համոզէ Թուրքիան, որ իր սահմանը բանայ։ Տրուած ըլլալով, որ Թուրքիա տասնամեակներէ ի վեր մեծ ջանք կը թափէ անդամակցելու Եւրոպական միութեան, ան չունի այլընտրանք բացի Հայաստանի հետ իր սահմանը բանալէ։ Եւրոպական միութիւնը կը պահանջէ, որ բոլոր անդամ երկիրները բաց սահմաններ ունենան դրացի երկիրներու հետ։
4. Հապճեպով սահմանը փակելով 1993ին, Թուրքիա ինքզինք զրկեց Հայաստանի վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու կարեւոր լծակէ մը։ Եթէ Թուրքիա վերաբանայ իր սահմանը, պիտի վերատիրանայ այդ լծակին՝ սահմանը փակելու սպառնալիքը բռնելով իբրեւ Դամոկլեան սուր մը Հայաստանի գլխուն վրայ։ Այդ սպառնալիքը յատկապէս ուժգին կը դառնայ երբ Հայաստանի բնակչութիւնը հետզհետէ աւելի կախեալ դառնայ ներածուած թրքական աժան ուտեստեղէններէն եւ ապրանքներէն։ Եթէ Թուրքիա ապագային որեւէ պատրուակով որոշէ սահմանը փակել, Հայաստանի ղեկավարները պիտի չկարենան շրջել երկրին շահերուն պատճառուած վնասը, նոյնիսկ եթէ խափանեն համաձայնութիւնները (արձանագրութիւնները)…
5. Անցեալ շաբաթ վարչապետ Էրտողան անգամ մը եւս նշեց, թէ Թուրքիա պիտի չբանայ Հայաստանի հետ իր սահմանը բացի այն պարագայէն՝ երբ Ղարաբաղի (Արցախի) տագնապը լուծուի։ Հայաստանի ղեկավարները պէտք է յայտարարեն, թէ պիտի չստորագրեն այս համաձայնութիւնները (արձանագրութիւնները), քանի որ թուրք ղեկավարները բիւրեղապէս յստակացուցած են թէ համաձայնութեան իրենց բաժինը պահելու մտադիր չեն։
6. Հանգստեան կոչուած թուրք դեսպան Եալըմ Էրալփ կարեւոր բացայայտում մը կատարեց վերջերս իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին։ Ան նշեց, թէ համաձայնութիւնները (արձանագրութիւնները) վաւերացնելու ժամանակ՝ թրքական խորհրդարանը կրնայ հռչակել, թէ անոնք ի զօրու կ՚ըլլան միայն Ղարաբաղի տագնապին լուծման պարագային։ Եթէ թուրքերը այդ ձեւի պայման մը դնեն, Հայաստանի խորհրդարանը կրնայ հակադարձել, պահանջելով որ համաձայնութիւնները (արձանագրութիւնները) ի զօրու դառնան միայն՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայկական ցեղասպանութեան, եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հանրապետութեան ճանաչումներու պարագային…
7. Համաձայնութիւնները (Արձանագրութիւնները) անոնց ստորագրումին ու վաւերացումին համար յատուկ պայմանաժի մը պահանջը չեն դներ։ Այս առնչութեամբ յաճախ հոլովուած թուականները՝ 12 եւ 13 Հոկտեմբեր, չեն նշուած համաձայնութիւններուն (արձանագրութիւններուն) բնագրին մէջ։ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք չէ աճապարէ ստորագրելու եւ վաւերացնելու այդ համաձայնութիւնները (արձանագրութիւնները)։ Հայաստանի ղեկավարները տակաւին առիթը ունին փրկուելու իրենց երկրի շահերուն վնաս հասցնելէ՝ շնորհիւ Թուրքիոյ դժկամութեան՝ վաւերացնելու համաձայնութիւնները (արձանագրութիւնները)։ Թուրքիա կրնայ նախ ի՛նք թարթել աչքը…
8. Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան անցեալ շաբաթ ընդունեց, թէ օրինական պահանջ չկայ այս համաձայնութիւնները (արձանագրութիւնները) խորհրդարան յղելու՝ վաւերացման համար։ Թէեւ այդպիսի վաւերացում մը անհարկի կերպով պիտի բարդացնէր Հայաստանի ազգային շահերուն հասցուած վնասը։
9. Թուրքիոյ հետ իր երկարատեւ բանակցութեանց ընթացքին Հայաստանի կառավարութիւնը փորձ չկատարեց խորհրդակցելու Սփիւռքի հայութեան հետ, հակառակ անոր որ համաձայնութիւնները (արձանագրութիւնները) համահայկական կարեւոր հարցեր կը պարունակէին ։ Ամիսներ առաջ, երբ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ լուրջ մտահոգութիւններ յայտնեցին համաձայնութիւններուն (արձանագրութիւններուն) նախնական բնագրին շուրջ, անոնք պարզապէս անտեսուեցան Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ։ Մետասաներորդ ժամուն քննարկումներ կազմակերպելու փորձերը ի զուր են, տրուած ըլլալով որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ համաձայնութիւնները (արձանագրութիւնները) կարելի չէ բարեփոխել։
10. Երբ Հայաստանի նախագահը անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ աւելի քան յիսուն քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներու հետ, հինգ ժամ տեւող «խորհրդակցութիւնները» տեղի ունեցան փակ դռներու ետին։ Դժբախտաբար միայն նախագահին յայտարարութիւնները հրապարակուեցան։ Կը յուսանք, որ երբ նախագահ Սարգսեան Հոկտեմբերին մեկնի իր ծրագրուած շրջապտոյտին դէպի Փարիզ, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս, Մոսկուա եւ Պէյրութ, Սփիւռքի ղեկավարներու հետ իր քննարկումները աւելի բաց եւ թափանցիկ ըլլան, ու նախընտրաբար նաեւ՝ պատկերասփռուին։
Այս շիկացած վիճաբանութեան չմտադրուած մէկ արդիւնքը եղաւ այն, որ հայկական տարբեր կազմակերպութիւններ իրարու հետ միասնացան այս համաձայնութիւններուն (արձանագրութիւններուն) դէմ հասարակաց կեցուածք մը որդեգրելու համար։ Բոլորին ջերմ բաղձանքն է, որ ներհայկական ձգտեալ անհամաձայնութիւնը երկար չտեւէ, եւ Հայաստանի ղեկավարները քաջութիւնն ու իմաստութիւնը ունենան ետ կանգնելու Հայկական դատը մահացու կերպով հարուածող այդ համաձայնութիւնները (արձանագրութիւնները) ստորագրելու ու վաւերացնելու իրենց որոշումէն։
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր