ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը յայտնէ, թէ Սերժ Սարգսեան հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին Սփիւռքի հայրենակիցներուն կարծիքը լսելու նպատակով, ծրագրած է յառաջիկայ Հոկտեմբերին համահայկական ուղեւորութիւններ կատարել:
Նախագահը իր այս մտադրութեան մասին երէկ տեղեակ պահած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Էջմիածինի մէջ անոր հետ ունեցած հանդիպման մը ընթացքին:
Ըստ նոյն գրասենեակի հաղորդման, Գարեգին Բ. ողջունած է նախագահին այս նախաձեռնութիւնը ու յաջողութիւն մաղթած է անոր:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, նախագահ Սարգոսեանն ու վեհափառը քննարկած են պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ներկայ զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սարգսեան կաթողիկոսին յայտնած է, թէ գործընթացը թեւակոխած է շատ կարեւոր՝ հասարակական-քաղաքական քննարկումներու փուլ: Ան նշած է, որ հետզհետէ ընդլայնացող քննարկումները շատ օգտակար կը նկատէ, անկախ այն իրողութենէն, թէ՝ հրապարակուած արձանագրութիւնները կը ստորագրուի՞ն, կը վաւերացուի՞ն, թէ ոչ:
«Ի հարկէ, դրանցում կան յուզական երեւոյթներ եւ տարրեր եւ այլ կերպ լինել չի էլ կարող, քանի որ մեր ժողովրդի մի հսկայական հատուած հանդիսանում է Ցեղասպանութեան ենթարկուած մարդկանց սերունդ: Բացի այդ, սահմանից այն կողմ մեր սրբութիւններն են, մեր եկեղեցիներն են, մեր մայրաքաղաքն է, իսկ շատ շատերի՝ նաեւ պապենական տների մնացորդները: Ես սա հասկանում եմ, քանի որ շատ պարագաներում ինքս էլ ներքուստ պայքարում եմ իմ յոյզերի հետ: Բայց, այդուհանդերձ, համոզուած եմ, որ այս քննարկումներն անհրաժեշտ են», յայտնած է նախագահը:
Սերժ Սարգսեան Ամենայն հայոց կաթողիկոսը տեղեակ պահած է այն մասին, որ Հոկտեմբեր մէկին, մէկշաբաթեայ այցելութիւններու շարք մը պիտի սկսի Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Պէյրութի ու Տոնի Ռոսթովի հայկական մեծ գաղթօճախներ, լսելու համար տեղի եւ համեմատաբար մօտակայքը գտնուող այլ գաղթօճախներու հայութեան կարծիքն ու տեսակէտները հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ:
Նախագահը, ըստ մեր աղբիւրներուն, Լոս Անճելըս պիտի ժամանէ Հոկտեմբեր 4ին եւ երկու օր պիտի մնայ այստեղ: Կ՛ակնկալուի, որ նախագահը հանդիպում ունենայ շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հայաստանի հիւպատոսութիւնը այս այցելութեան առթիւ ծրագրած է նաեւ ճաշկերոյթ մը:
Ողջունելով նախագահին նախաձեռնութիւնը՝ «Սփիւռքը մեր ժողովրդի կարեւոր եւ անբաժանելի մասն է, եւ ճիշդ է, որ Սփիւռքի մեր զաւակները, ովքեր այս օրերին նոյնպէս բուռն քննարկում են հայ-թուրքական նախաստորագրուած փաստաթղթերը, հնարաւորութիւն ունենան անձամբ Ձեզանից պատասխաններ լսելու իրենց յուզող հարցերի վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Դուք հաղորդ դառնաք Սփիւռքի մեր զաւակների մտածումներին, տեսակէտներին եւ մտահոգութիւններին», յայտնած է վեհափառը:
Կաթողիկոսը նաեւ յայտնած է, թէ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յառաջիկայ նիստին պիտի քննարկէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացն ու նախաստորագրուած փաստաթուղթերը, եւ հանդէս պիտի գայ համապատասխան յայտարարութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.