Պարզապէս անգամ մը եւս ամփոփենք.
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման յայտարարուած նպատակով այս տարուան Օգոստոս 31ին, ռումբի պէս մեր առջեւ նետուած այսպէս կոչուած արձանագրութիւններու ստորագրման դէմ ենք, ու ամէն գնով կը փորձենք կասեցնել այդ գործընթացը, որովհետեւ՝
Անոնք օգտագործելով համապատասխան դարձուածքներ ու բառախաղեր՝ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածի ենթարկելու հիմք կը դառնան, այդպիսիի կը վերածուին եւ իբրեւ այդպիսին՝ կը գործածուին ու պիտի գործածուին թրքական իշխանութեանց կողմէ:
Արեւմտեան Հայաստանի եւ պատմական հայրենիքի գաղափարը կը փոշիացնեն՝ պաշտօնական ճանաչում շնորհելով Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմաններուն: Ազգային մեր երազի ու մեր ժառանգութեան հանդէպ այսպիսի անփութութիւն, այսպիսի աժանագին ու միակողմանի անձնատուութիւնը անընդունելի է ու ընդվզեցուցիչ: Միացեալ Հայաստանի գաղափարը ոչ միայն մեր հաւատամքն է, ոչ միայն մեր հաւաքական իղձերու ու ձգտումներու մարմնացումը, այլ՝ մեր կենտ նպատակը:
Տարածքային անձեռնմխելիութեան սկզբունքը առանձնացնելով՝ իբրեւ միջազգային յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղեցոյց՝ անուղղակիօրէն կը վտանգուի Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը: Այս յղացքը ներառելով արձանագրութեան մէջ՝ Հայաստան ծուղակի կը մատնէ ինքզինք:
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման ու սահմաններու բացման հարցը այս արձանագրութիւններուն հետ կապելով՝ Թուրքիա արդէն իսկ կործանարար նախապայմաններ պարտադրած կ՛ըլլայ հայկական կողմին:
Ապա եւ հաստատենք.
Հայկական միասնական կեցուածքի որդեգրումը՝ այս արձանագրութեանց հանդէպ, ռազմավարական արժէք կը ներկայացնէ: Առ այդ, ամէն ճիգ ու ջանք պէտք է թափել, ներազգային հաղորդակցութեան ամէն ճանապարհները պէտք է օգտագործել, ստեղծելու համար անհրաժեշտ համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը՝ արձանագրութիւններու ստորագրման գործընթացը ձախողեցնելու շուրջ:
Նաեւ շեշտենք.
Կիրակի օրուան միացեալ հաւաքը՝ ընդդէմ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, կարեւորագոյն ձեռնարկն է այս հանգրուանին: Նկատի առնելով, որ Հայաստանի նախագահը շուտով պիտի այցելէ Լոս Անճելըս, առաւել եւս ծանրակշիռ կը դառնայ այս համայնքի պատասխանատուութիւնը՝ իր ձայնը լսելի դարձնելու համար անոր: Մեր ձայնի ազդեցութիւնը ուղիղ համեմատութեամբ կը մեծնայ հաւաքի մասնակիցներուն թիւով: Այդքան պարզ:
Մեր մեծաթիւ մասնակցութիւնը յստակ պիտի դարձնէ Հայաստանի նախագահին, թէ մենք կ՛արհամարհենք այս հարցին հանդէպ ներազգային տարակարծութեան երեւոյթ ստեղծելու ճիգերը եւ առաւել կ՛ամրապնդենք մեր միասնական ընդդիմութիւնը:
Ուրեմն.
Կոչ կ՛ուղղենք մեր համայնքի զաւակներուն՝
Շարժեցէ՛ք՝ յանուն ձեր համոզումին.
Մղեցէ՛ք ձեր շրջապատը ե՛ւս եւ յորդորեցէք, որ ուրիշին չվստահին իրենց ընդդիմութիւնը արտայայտելու պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, այլ իրենք, անձնապէս ճամբայ ելլեն ու հասնին Փելանքոնի Փարք, միանան հազարաւոր իրենց հայրենակիցներուն ու միացնեն իրենց պոռթկացող ձայնը ընդհանուրին:
KATCHN VARTANY Bardootyoone TAVAJAN VASAKN er
isk aysor 1500 dari verch TAVAJANER, SARKISIAN yev NALBANDIAM
goozen khordakel HAYOOTIAN HACHOGH KORTZENTATSKE
PAYTZ VOTCH BIDIE HEDEVIN VASAKIN