Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի 40ամեակին առթիւ, ՀԲԸՄ Փասատինայի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26ին կազմակերպուած էր Ժան Գազանճեանի գեղանկարչութեան նուիրուած հատորին ներկայացումն ու նկարիչի վերջին շրջանի գեղանկարներուն ցուցահանդէսը:
Օրուան հանդիսավարն էր Բարսեղ Գարթալեան:
Գիրքը հանգամանօրէն ներկայացուց Կլորիա Օրինսթին, որ համեմատական գրականութեան դասախօս է (USC):
Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն: