ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լիբանանցի ամերիկացիներու հիմնարկը իր տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ «Beverly Wilshire» պանդոկին մէջ, Հոկտեմբեր 18ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, պիտի պատուէ լիբանանահայ գործարար եւ բարերար Վաչէ Մանուկեանը, որ իր ընտանիքին մարդասիրական աշխատանքները կը շարունակէ աշխարհի տարածքին:
Լոնտոնաբնակ Վաչէ Մանուկեանին մարդասիրական օժանդակութիւններուն թիրախներէն են կրթական, առողջապահական մարզերը: Ան նաեւ նուիրատուութիւններ կատարած է հայկական զանազան հաստատութիւններու ու կառուցած կամ նորոգած է չորս վարժարաններ ու եկեղեցի մը, ինչպէս նաեւ կրթանպաստներ տրամադրած է աւելի քան 1700 ուսանողներու, յատկապէս Լիբանանի մէջ: Ան նաեւ արժանացած է «Կիլիկիոյ Ասպետ» ու «Ս. Գրիգոր Լուսաւորի»չ շքանշաններուն:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան նաեւ ամերիկացի յայտնի կատակաբան Ճէյ Լէնոն ու Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սանթա Պարպարա մասնաճիւղի Միջին արեւելեան պարախումբը:
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել (310) 789-567 թիւին կամ այցելել www.houseoflebanon.com համացանցային կայքը: