ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6ին, Յունաստանի վարչապետ նշանակուեցաւ Ճորճ Փափանտրէու, որուն Համահելլէնական ընկերավարական շարժում («Փասօք») կուսակցութիւնը յաղթանակ արձանագրած էր Կիրակի օր տեղի ունեցած խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններուն:
Արդարեւ, ընկերվարականները ապահովեցին քուէներուն 44 տոկոսը, իսկ պահպանողականները, որոնք վերջին հինգ տարիներուն երկրին ղեկը պահած էին իրենց ձեռքը, ապահոցեին քուէներուն 33.5 տոկոսը:
Փափանտրէու, որ նախապէս եղած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար, թոռնիկն ու զաւակն է Յունաստանի նախկին վարչապետներու: