Մանուկներու եւ պատանիներու կրօնադաստիարակչական եւ հայեցի կրթութեան նուիրուած մեր Կիրակնօրեայ դպրոցները կը վայելեն անվերապահ հովանաւորութիւնը թեմակալ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Կամաւոր ուսուցչական կազմերու խնամքին եւ հոգածութեան յանձնուած երկսեռ աշակերտութեան ամէն Կիրակի, մեծ սիրով կ՛ուսուցուին աւետարանական պատումներ, սաղմոս, աղօթք, շարական, ինչպէս նաեւ կրօնական եւ եկեղեցագիտական ծանօթութիւն կը ջամբուի մեր նոր սերունդի զաւակներուն։
Առաջնորդին նախագահութեամբ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու Վարիչ մարմինի նախաձեռնութեամբ, 2009-10 ուսումնական տարեշրջանի եւ վերամուտի առթիւ, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3ին, միօրեայ լսարան-հաւաք տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչներուն եւ ուսուցիչներուն համար, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։ Համագումարին կը մասնակցէին շուրջ քառասուն ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, կրօնական դաստիարակութեան գրասենեակի վարիչներ՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, նաեւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւներ Նարեկ քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան։
Հաւաքական աղօթքէ, «Կիրակնօրեայ սուրբ յարկին» մաղթանք քայլերգէն ետք, Վարիչ մարմինի ատենապետ Յակոբ æաղացպանեան կատարեց բացման խօսքը։ Լսարանի աշխատանքներու վարիչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն, ապա ներկայացուց դպրոցներու աշխատանքներու տարեկան ծրագիրը։ Նարեկ քհնյ. եւ Աշոտ քհնյ. հայրերը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցին Նիկիոյ (325), Կ. Պոլսոյ (381) եւ Եփեսոսի (431) Տիեզերական Ժողովներու պատմական, ժամանակագրական դէպքերու հոլովոյթը, վեր առին Կիրակնօրեայ դպրոցներու կարեւորութիւնը։
Ապա, Նուարդ Մաթինեան խօսեցաւ դպրոցներուն վստահուած մանուկներու հոգեւոր աճման նպաստող դերին մասին ու Ռաֆֆի Թորոսեան, ամփոփ եւ հետաքրքրական տասը կէտերու մէջ ներկայացուց աստուածաշնչական դէմքերու, դէպքերու եւ ուսուցումներու ուղղափառ եւ գործնական մեթոտները, իսկ Սեդա Քէչէճեան, խօսեցաւ սաղմոս, աղօթք թէ ոսկեղէն համարներ աշակերտութեան բացատրելու, սիրցնելու եւ դիւրաւ ուսուցանելու հետաքրքրական ոճերու մասին։
Հայր Պարթեւ բացատրեց եւ ներկայացուց շարականներու փոխանցած դաստիարակչական հոգեւոր դերակատարութիւնն ու ձգած ազդեցութիւնը մանուկներու ներաշխարհին վրայ, շեշտելով, որ երգը մեր ներաշխարհի ապրումները, ինչպէս նաեւ պատմական դէպքերը նկարագրելու հաղորդական դրսեւորումն է։
Բարոյալից պատմութիւններու, հրաշքներու, դէպքերու եւ դէմքերու խտասալիկ-տեսաերիզներ օգտագործելու, ինչպէս նաեւ կրօնական բնոյթի համացանցի գործածութեան մասին զեկուցեց Պերճ Ճամճեան։ Այս առթիւ ներկաներուն փոխանցուեցաւ օգտակար կայքերու ցանկ մը եւ խտասալիկ մը՝ սուրբ գրային դէպքերու, հրաշքներու եւ Քրիստոսի առաքելական կեանքին մասին։
Առաջնորդը գնահատական եւ քաջալերական խօսքերով վեր առաւ դաստիարակչական բնոյթով կազմակերպուած նման հաւաքներու անհրաժեշտութիւնն ու օգտակարութիւնը, եւ թելադրութիւններ ու բարեմաղթութիւններ ըրաւ:
Ոուսուցիչ-ուսուցչուհիներ առիթ ունեցան նաեւ դպրոցներու վերաբերեալ մտահոգութիւններ եւ ծրագիրներուն առնչուող հարցեր արծարծելու։ Հաւաքը փակման աղօթքով վերջ գտաւ յետմիջօրէի ժամը հինգին։ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչակազմեր, նոր գիտելիքներով եւ հոգեւոր ծանօթութիւններով հարստացած՝ գոհունակ մեկնեցան եկեղեցւոյ շրջափակէն, վերահաստատելով իրենց նուիրումը իրենց խնամքին յանձնուած հայ մանուկներն ու պատանիները կրօնական եւ հայեցի առողջ կրթութեամբ դաստիարակելու գործին։
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6ին, առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Նարեկ քհնյ. Փեհլիվանեանի կողմէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.