Գաղափարական թերթ ըլլալու մեր ձգտումը կը բխի մեզ վերապահուած առաքելութենէն, մեր դաւանած սկզբունքներու տրամաբանութենէն:
Թերթը ժողովրդականացնելու, ընթերցողներու շրջանակը ընդլայնելու մեր ճիգը կը բխի մեր հասարակութիւնը լաւատեղեակ պահելու ծառայութիւնը լուրջ մարտահրաւէրի վերածելու մեր պարտաւորութենէն:
Երիտասարդ, ազգային ու քաղաքական գիտակցութեամբ տոգորուած երիտասարդ սերունդ պատրաստելու հաւաքական ճիգին մեր մասնակցութիւնը եւ մեր լուման ունենալու փառասիրութիւնը մեր ուղեցոյցն են: Այս մարզին մէջ մեր թերացումը ակնառու է, խարազանող, եւ կարելի չէ ամէն անգամ թաքնուիլ խոստովանութիւններու պաշտպանական հովանոցին ներքոյ: Թեւերնիս սոթտելու, մկանները լարելու ժամանակն է, որովհետեւ նոյն այդ ժամանակը անվերականգնելի է:
«Ասպարէզ»ի ընտանիքի սիրելի անդամներ, հաւատարիմ ընթերցողներ, բաժանորդներ, ծանուցողներ, բարերարներ, եկէ՛ք միացնենք մեր ուժերը՝ դուք ձեր պահանջկոտութեամբ, ձեր բարոյական ու նիւթական զօրակցութեամբ, մենք ալ մեր բոլոր կարելիութիւններով ու հնարաւորութիւններով, փորձենք այս նոր դարաշրջանի սկիզբէն իսկ «Ասպարէզ»ը այնքա՛ն կենսալի ու երիտասարդ դարձնել, որպէսզի ամերիկահայ նոր սերունդէն հայերէն օրաթերթ ընթերցող ունենալը յազուագիւտ երեւոյթ չդառնայ, այլ ըլլայ սովորական պատկեր:
Հաւատացէ՛ք, որ այնքան ալ անկարելի չէ այս նպատակին հասնիլը:
mekhk’ yen mer yeridasart’nèr’e
thogh ourich pan enen
hg