ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանին մէջ, Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12ին սկսաւ 2007ի Յունուար 19ին, թուրք ազգայնամոլներու կողմէ սպաննուած «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատին 11րդ նիստը:
Թրքական «Զաման» թերթին համաձայն, Տինքի կնոջ՝ Ռաքէլի, եւ ընտանիքի անդամներուն կողքին, դատարան կը գտնուէին քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Սապահաթ Թունճէլ, իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան պատգամաւոր եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի Մարդկային իրաւունքներու յանձնաժողովի նախագահ Զաֆէր Վիսքիւլ, Եւրոմիութիւն-Թուրքիա խորհրդարանական յանձնաժողովի համանախագահ Հելլէն Ֆլոյտր, Եւրոխորհրդարանի Կանաչներու խմբակցութեան խորհրդական Ալի Իւրթակիւ, Պրիւքսէլի եւ Փարիզի փաստաբաններու միութեան նախագահութիւններու ներկայացուցիչներ Վինսէնթ Նիօրէն ու Ալեքսանդր Գույումճեան, ինչպէս նաեւ «PEN» գրողներու միութեան Նորվեկիոյ մասնաճիւղէն երկու դիտորդներ:
Թերթը գրած է, որ դատարանին մօտերը տեղի ունեցած է Տինքի սպանութիւնը դատապարտողներու ցոյց մը, ուր նաեւ քննադատուած է Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝ դատը ձգձգելուն եւ շարք մը կասկածելի պաշտօնատարներ չհետապնդելուն համար: