ՊՈՒՐՍԱ.- Հնարաւոր սադրանքները կանխելու եւ հայկական պատուիրակութիւնը բարձր մակարդակով հիւրընկալելու համար, թրքական իշխանութիւնները Պուրսայի մէջ տակաւին կը շարունակեն անվտանգութեան միջոցառումներ իրականացնել: Անոնց միացած է նաեւ Հայաստանի պետական պահպանութեան ծառայութեան անձնակազմը՝ ապահովելու համար Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութեան անվտանգութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա մեկնելու մտադրութեան մասին Հայաստանի նախագահը յայտարարած էր հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման միտող արձանագրութիւններէն ետք, իսկ թրքական մամուլը անոր այցը արդէն իսկ գնահատած է իբրեւ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» յաղթանակ:
Անվտանգութեան միջոցառումներու ծիրէն ներս, Պուրսայի մարզադաշտին եւ յարակից տարածքին վրայ արգիլուած է այնպիսի պաստառներու տեղադրումը, որոնց բո-վանդակութիւնը կրնայ խաթարել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: Բազում անգամ յայտարարուած է, որ մարզադաշտին մէջ կրնան ծածանուիլ միայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դրօշները:
Նշենք, որ նախքան ֆութպոլային խաղը, Հոկտեմբեր 13ին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիկները իրականացուցած են իրենց վերջին մարզումները: Անոնք, Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի գլխաւորութեամբ, Հոկտեմբեր 12ին արդէն մեկնած են Պուրսա:
Ռ. Հայրապետեանի խօսքով, մեր հաւաքականին մարզիկները պատրաստ են եւ կը գտնուին լաւ հոգեվիճակի մէջ. «Սպանիայի հետ ծանր խաղից յետոյ, մեր ֆութպոլիստների համար աւելի հեշտ կը լինի Թուրքիայի հաւաքականի հետ պայքարելը», յայտնած է Ռուբէն Հայրապետեան: