ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը գործէ Կիրակնօրեայ վարժարանը, առաւօտեան ժամը 11էն կ.ե. ժամը 12։30, փոքրերու (4-14 տարեկան) եւ պատանի-երիտասարդներու (15-25 տարեկան) համար:
Նաեւ, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22էն սկսեալ, երեկոյեան ժամը 7։30էն 9։00, եկեղեցւոյ մէջ երկշաբաթեայ դրութեամբ տեղի պիտի ունենայ Ս. Գրոց սերտողութիւն՝ առաջնորդութեամբ Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակի վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի:
Հրաւիրուած է ժողովուրդը եւ մանաւանդ երիտասարդութիւնը՝ ներկայ ըլլալու Ս. Գրոց սերտողութեանց, լսելու աստուածային պատգամները եւ հոգեպէս լիցքաւորուելու։