ՄՈՆԹԵՊԷԼԼՕ.- Կիրակի, 12 Հոկտեմբերին, Մոնթեպէլլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ասպարէզ» օրաթերթի 101րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, որուն ամէնէն կարեւոր դրուագը եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին կողմէ թերթի երկու նախկին խմբագիրներէն՝ Քրիստափոր Բագրատունին եւ Վահիկ Գիւրջեանը (յետ մահու) Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով պարգեւատրելու արարողութիւնը:
450է աւելի հանդիսականներ կային «Բաղրամեան» սրահին մէջ այդ երեկոյ: Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, թերթի բարեկամներ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Շրջանի կոմիտէութիւններու պատասխանատուներ, Արեւմտեան թեմի ազգային իշխանութեան պատասխանատուներ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան, եկեղեցիներու հոգաբարձական կազմեր ու հովիւներ, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, Համազգայինի ներկայացուցիչներ, շրջանիս մէջ հրատարակուող «Նոր Օր» (ՌԱԿ), «Մասիս» (ՍԴՀԿ) պաշտօնաթերթերու, «Նոր Հայաստան»ի (անկախ օրաթերթ), «Հայ Կեանք»ի (անկախ շաբաթաթերթ), անգլիատառ «Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի (անկախ շաբաթաթերթ) եւ «Արմինիըն Օպզըրվըր»ի (անկախ շաբաթաթերթ) խմբագիրներ, հրապարակագիրներ, թերթիս աշխատակիցներ, բարերարներ, «Ասպարէզ»ի հայերէն եւ անգլերէն բաժիններու նախկին խմբագիրներ, թերթի անձնակազմի անդամներ մէկ ժամ տեւող քոքթէյլ-ընդունելութեան ընթացքին մտերիմ զրոյցներու մասնակից ըլլալէ եւ Մերուժան Մարգարեանի ջութակի կատարումը վայելելէ ետք մտան սրահ, ուր պիտի գործադրուէր օրուան պատշաճ յայտագիրը:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի կողմէ տօնակատարութեան բացումը կատարեց Հուրի Ֆըրնըզեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար Մանուկ Սէրայտարեանը:
Յայտագիրը սկսելէ առաջ, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:
«101 տարեկան երիտասարդի՝ «Ասպարէզ»ի տարեդարձի տօնակատարութիւնը կու գար հայ ժողովուրդի համար բախտորոշ օրուան մը յաջորդելու, ըսաւ հանդիսավարը, սակայն, մեր դիմադրականութեան գաղտնիքներէն մէկն ալ այսպիսի դժուարութիւններու դիմանալու մէջ կը գտնուի, որու շնորհիւ կարող կ՛ըլլանք նման պայմաններու մէջ իսկ այսպիսի կարեւոր իրադարձութիւններ պատշաճ ձեւով նշել»:
Ճաշի ընթացքին, ցուցադրուեցաւ Վիգէն Հապոյեանի կողմէ պատրաստուած տեսաներիզ մը, ուր կը ներկայացուէր «Ասպարէզ»ի գործունէութեան զանազան փուլերը՝ սկսելով Ֆրէզնոյի մէջ հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ Լոս Անճելըս փոխադրութիւնը, ապա Կլէնտէյլի խմբագրատունը եւ վերջապէս կայանումը Փոքրիկ Հայաստանի մէջ:
Մանուկ Սէրայտարեան ապա հրաւիրեց «Ասպարէզ»ի անգլերէն եւ հայերէն բաժնի բոլոր խմբագիրները կտրելու տարեդարձի կարկանդակը, որ ազնուօրէն նուիրուած էր «Սարգիս Փէէյսթրի» հաստատութեան կողմէ:
Հանդիսավարը ապա ներկայացուց կազմակերպող յանձնախումբի կողմէ նախաձեռնուած ««Ասպարէզ»ի տարուան լաւագոյն բարեկամ» մրցանակը, որու առաջին արժանաւոր ստացողը եղաւ «Ասպարէզ»ի շէնքին բարերար պարոն Սագօ Մարտիրոսեան: Մրցանակը բարերարին յանձնեց պարոն Մարտիրոսեանի մօտիկ ընկերներէն՝ Վարուժան Գունտաքճեան:
Թերթի բազմամեայ հովանաւոր Գունտաքճեան յայտարարեց, որ Սան Ֆրանսիսքոյէն ազգային բարերար Հէրի Խաչատուրեան տաս հազար տոլար կը նուիրէ «Ասպարէզ»ին՝ այս օրուան առթիւ:
Երեկոյի գեղարուեստական ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Անի» պարախումբի անդամները՝ պարով, եւ Քնարիկ Ներկարարեանը՝ երգով (ջութակի ընկերակցութեամբ Արմինէ Ներկարարեանի եւ Դաշնակի ընկերակցութեամբ Լեւոն Աբրահամեանի):
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր «Դրօշակ»ի բազմամեայ խմբագիր, հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան:
«Մենք, մէկ աչքով՝ կը նայինք մեր ազգի վաղուան օրուան, սրտատրոփ, մութ ամպերուն հայելով, մտահոգ թէ մեր ազգին ի՞նչ վերապահուած է, միւս աչքով՝ կը նայինք «Ասպարէզ»ի նոր հարիւրամեակի մեկնարկային այս հանդիսութեան, ինքնավստահօրէն ու լաւատեսութեամբ» ըսաւ Պէրպէրեան:
««Ասպարէզ» թերթը իր անունէն նախ պէտք է ճանչնալ. հայերէնով «Ասպարէզ»ը մրցադաշտն է, մրցապայքարի բեմահարթակն է, մարդկային, ֆիզիքական, հոգեմտաւոր կարողութիւններու հանդիսադրման, ցուցադրման պայքարի վայրն է», շարունակեց Պէրպէրեան, եւ իբրեւ թերթի վերջին քառասուն տարիներու կտրած ճանապարհի հեետեւորդ, իր անձնական տպաւորութիւններն ու տեսակէտները փոխանցեց ներկաներուն:
«Հեռուէն «Ասպարէզ»ի ազդեցութիւնը կրող եղած եմ», ըսաւ Պէրպէրեան, որ իր կարգին ունեցած է իր ազդեցութիւնը «Ասպարէզ»ի վրայ՝ իր խմբագրականներուն եւ առաջնորդող յօդուածներուն միջոցաւ:
«Այսօր կրնամ ամբողջական պատասխանատուութեամբ ըսել, որ հայ մամուլի ընտանիքին մէջ իր անունին արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ «Ասպարէզը»: Մտաւ մրցապայքարի, եւ ինքնահաստատման պայքարը յաղթանակով պսակեց, եւ այդ յաջողութեան համար ձեր բոլորին կողմէ արտայայտուած կ՛ըլլամ երբ կը շնորհաւորեմ բոլոր անոնք, որոնք իրենց նեդրումը բերած են «Ասպարէզ»ի հարիւրամեայ երթին մէջ» ըսաւ Պէրպէրեան:
Անձնական վկայութենէն մեկնելով, Պէրպէրեան անդրադարձաւ «Ասպարէզ»ի ունեցած ներդրումին, եօթանասունականներու սկզբնաւորութեան «Ասպարէզ»ի ներգործութեան՝ այդ տարիներու նոր սերունդին քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման վրայ:
««Ասպարէզ»ը մեզի համար աշխարհի ծայրամասը գտնուող հայութեան խօսնակը ըլլալով հանդերձ կը բերէր թարմութիւն, խօսքի, խոհի, խոհականութեան, վերլուծումի եւ քննարկման վաւերական խօսք: Իմ սերունդս «Ասպարէզ»ը այդպէս ճանչցաւ», հաստատեց Պէրպէրեան:
«Քալիֆորնիան եօթանասունական թուականներուն լրիւ կերպարանափոխուեցաւ ու մէկ օրէն միւսը դարձաւ հայութեան ծանրութեան կեդրոն: Մենք պայքարեցանք այդ երեւոյթին դէմ, խմբագրականներով դէմ արտայայտուեցանք, որպէսզի դէմ դնենք հայրենամերձ տարածքներու հայապարպումէն: Այսու հանդերձ, կարելի է այսօր ըսել, թէ ինչ որ կորսնցուցինք հայրենամերձ մեր գօտիներուն մէջ, կրկնապատիկը մենք ետ ստացանք իբրեւ մեր քաղաքական պայքարի, ազգային ազտագրական պայքարի նոր դրամագլուխ, մարդկային, գաղափարական, քաղաքական դրամագլուխի իմաստով:
««Ասպարէզ»ի գործունէութեան վերջին քառասուն տարիներուն, հայերէն եւ անգլերէն անոր խմբագիրներով, ստեղծուեցաւ ինքնուրոյն դպրոց մը, որ հաւանաբար կու գար ամերիկեան միջավայրէն, բայց նաեւ դպրոց մըն էր, որ մեր մամուլին առջեւ բացաւ թերահաւատութեան հորիզոնը: Պէտք էր թերահաւատ ըլլալ, որպէսզի հինէն եկածը կարելի ըլլար նորով պատուաստել»:
«Ասպարէզ»ի նուաճումներէն մէկը Պէրպէրեան նկատեց այն երեւոյթը, որ թերթը, ժամանակին հետ քայլ պահելով, զանգուածային թերթ ըլլալով հանդերձ, իր էութեան հաւատարիմ մնալով՝ մեր արմատներէն եկող պատգամը հարազատօրէն կրցաւ փոխանցել լայն հասարակութեան:
Յաջորդ բանախօսը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Սեդօ Պոյաճեանն էր, որ փոխանցեց ԿԿի պատգամը՝ այս տօնակատարութեան առթիւ: (Կեդրոնական Կոմիտէի խօսքը կու տանք առանձին, ամբողջութեամբտե՛ս այսօրուան թերթը, էջ 2։)
Հանդիսավարը ապա բեմ հրաւիրեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ փոխանցեց իր պատգամը: Սրբազանը նախ անդրադարձաւ նախորդ շաբաթավերջի նշանակալի իրադարձութեանց, ապա նշեց, որ այս օրը, Կիրակին, ըստ մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին, Թարգմանչաց օրն էր, հայ մշակոյթի տօնն էր: Բոլորս սրտատրոփ կը սպասէինք, որ չկայանայ այն ստորագրութիւնը, որուն համար անցնող շաբաթներուն մենք մեր ձայնը լսելի դարձուցինք: «Մենք այսօր իրաւունք ունինք ուրախութեամբ ողջունելու «Ասպարէզ»ի հարիւր առաւել մէկ տարեդարձի օրը, նոյն ինքն Թարգմանչաց օրուան շաբաթավերջին: Մենք մեր հայրերու աւանդին հաւատարիմ ենք եւ Թարգմանչաց տօնը այսպէս կը տօնենք:
«Մենք այսօր հպարտութեամբ այստեղ հաւաքուած ենք ՝ մեր մամուլի ամենէն նուիրական ներկայացուցիչներէն, ռահվիրաներէն «Ասպարէզ»ի հարիւրմէկամեակի տարեդարձը նշելու: Ձեզմէ շատեր այս երեկոյ վստահաբար կարդացին «Ասպարէզ»ի էջերուն մէջ տեղ գտած այն մարտահրաւէրը, զոր թերթը իր առջեւ դրած է. այո, «Ասպարէզ»ը ինքնիրեն ասպարէզ կարդացած է, որ իրականացնէ հայ թերթը նոր սերունդին համար փնտռուող, ընթերցուող հրատարակութիւն դարձնելու ճիգը»:
Առաջնորդ սրբազանը յատկապէս գնահատեց «Ասպարէզ»ը, որ իր առաքելութիւնը կը կատարէ նուիրումով եւ կը ջանայ ընդառաջել թէ՛ արեւելահայ եւ թէ արեւմտահայ ընթերցողներու կարիքներուն:
Մուշեղ Սրբազան նաեւ գնահատանքի իր խօսքով անդրադարձաւ «Ասպարէզ»ի հին ու նոր խմբագիրներու ներդրումին, որոնք թերթը պահեցին ռահվիրայի իր դիրքերուն վրայ:
Սրբազանը նաեւ ներկաներուն փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառի գնահատանքի խօսքը «Ասպարէզ»ի տարեդարձին առիթով, անոր օրհնութիւնը՝ թերթի նախկին ու նոր խմբագիրներուն:
Սրբազանը ուրախութեամբ յայտարարեց, որ «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան դիմումին սիրով ընդառաջելով, խնդրամատոյց եղած էր Արամ Վեհափառին որպէսզի իր գնահատանքը ընծայէ «Ասպարէզ» օրաթերթի նախկին խմբագիրներէն Քրիստափոր Բագրատունիին եւ Վահիկ Գիւրջեանին (յետ մահու):
Սրբազանը նախ իր մօտ հրաւիրեց հանգուցեալ Վահիկ Գիւրջեանի ընտանիքի անդամները, որոնց ներկայութեամբ հայր Պարթեւ Կիւլիւմեան կարդաց Վեհափառի գնահատանքի գիրը: Ապա Սրբազանը տիկին Լուիզ Գիւրջեանին յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ յետ մահու Վահիկ Գիւրջեանին շնորհուած Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը:
Շքանշանի տուչութենէն ետք Վահիկ Գիւրջեանի բազմամեայ գործակից ընկեր Նշան Փիրումեան իր մտորումները փոխանցեց պարգեւատրուած գործիչի մասին, տալով անոր կեանքին ու վաստակին ուրուագիծը: Խօսք առաւ նաեւ Գիւրջեանի երէց զաւակը՝ Վարանդը:
Ապա սրբազանը իր մօտ հրաւիրեց «Ասպարէզ»ի նախկին խմբագիրներէն Քրիստափոր Բագրատունին:
Ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Արամ Վեհափառի կոնդակը՝ Քրիստափոր Բագրատունիին «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրելու մասին: Կոնդակը ընթերցեց առաջնորդ սրբազանը:
Ապա խօսք առաւ դոկտ. Օննիկ Քէշիշեան, որ ներկայացուց Բագրատունիի կենսագրութեան հիմնական գիծերը՝ համեմելով զանոնք իր անձնական վկայութիւններով:
Խօսք առաւ նաեւ Քրիստափոր Բագրատունին, որ անդրադարձաւ «Ասպարէզ»ի իրագործումներուն, գնահատելով թերթի հարիւրամեայ երթին մասնակցութիւն բերած բոլոր աշխատողները:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Ասպարէզ»ի անգլերէն եւ հայերէն բաժիններու խմբագիրներ Արա խաչատուրեանի եւ Աբօ Պողիկեանի փակման խօսքերով: Երկու խմբագիրները «Ասպարէզ»ի նոր հարիւրամեակը նախկին ոգիով շարունակելու եւ նոր մարտահրաւէրները պատշաճօրէն դիմագրաւելու յանձնառութիւնը ընդգծեցին:
Նշենք, որ այս առթիւ եղան նուիրատուութիւններ, որոնց գումարը հասաւ $28,000 տոլարի: Նուիրատուներու ցանկը կը հրատարակենք հետագային առանձին:
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան այս ձեռնարկի կազմակերպման գործին եւ ապահովեցին անոր յաջողութիւնը:
Յատուկ շնորհակալութիւն կազմակերպող յանձնախումբի անդամներ Հուրիկ Ֆըրնըզեանին, Նազելի Շահինեանին, Թամար Ծատուրեանին, Վիգէն Հապոյեանին, Այտա Մատէնեան, Լենա Պոզոյեանին, Փաթիլ Ափոշեանին, Նորա Չափարեանին: