ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հայկական պարարուեստը մեզի կու գայ շատ հին հեթանոսական շրջանէն, ընդհանրապէս ծիսական կամ պալատական տօնակատարութիւններու եւ կամ հարսանեկան հանդէսներու ճամբով։ Հայկական պարերը ճոխացուցած են մեր դարաւոր մշակոյթը, եւ անոր տուած՝ որոշ կշիռ եւ որակ: Իսկ այսօր, շարունակելով այս աւանդը, մեր անկախ պետութեան սահմաններուն մէջ եւ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին՝ մեր պարարուեստը հրամցուցած են բազմաթիւ միութենական եւ անձնական բնոյթ կրող պարախումբեր, հմայելով հայ թէ օտար մշակութասէր հասարակութիւնը: Ու պատիւ իրենց, շնորհիւ հմուտ ու տաղանդաւոր պարուսոյցներու, այսօր հայրենիքի կողքին Սփիւռքը եւս հարուստ է իր հին ու նոր պարախումբերով, որոնց հետ ընդհանրապէս կը գործակցին Հայաստանէն հրաւիրուած փորձառու՝ մնայուն կամ հիւր պարուսոյցներ։
Պէտք է ըսել, որ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ եւ յատկապէս Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ պարարուեստը իսկապէս որոշ վերելք ապրեցաւ 35 տարիներ առաջ պարասոյցներ՝ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի եւ Եղիա Հաշօլեանի ջանքերով ծնունդ առած եւ «Համազգային»ի մեծ ընտանիքին պատկանող «Անի» պարախումբով որ, իր հրապարակային բազմաթիւ ելոյթներով, ոչ միայն հմայեց հանդիսատեսը, այլ նաեւ աշխատեցաւ ու ճգնեցաւ ի գին ամէն զոհողութեան անաղարտ պահել, միաժամանակ եւ բարգաւաճ դարձնել ու տարածել մեր ժողովուրդի աւանդական եւ ազգագրական ամէն տեսակի պարերը:
Ի տես այս իրականութեան, այսօր այլեւս բոլորովին անծանօթ անուն մը չէ «Անի» պարախումբը: Ան իր ելոյթներով շրջանիս քոյր կամ այլ մշակութային միութիւններու հրապարակային գրեթէ բոլոր ձեռնարկներու գեղարուեստական բաժիններուն փայլքը հանդիսանալով հանդերձ, ծանօթ է նաեւ ամբողջ Ամերիկայի բոլոր հայահոծ գաղութներուն, ինչպէս նաեւ Հայրենիքի եւ Արցախի մշակութասէր մեր հայրենակիցներուն:
Կիրակի, 18 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6ին, տեղի ունեցաւ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան «Անի» պարախումբի հիմնադրութեան 35ամեակին նուիրուած հրապարակային ելոյթը՝ Կլէնտէյլ High Schoolի թատերասրահին մէջ, որուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ՝ հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանի կողքին ներկայ էին «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան շրջանիս ներկայացուցիչ Եդուարդ Մըսրլեան, ինչպէս նաեւ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, ՀԲԸՄական՝ դոկտ. Երուանդ Զօրեան, գաղութիս քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ ու բազմահարիւր մշակութասէրներ, հիւրեր, հրաւիրեալներ, պարախումբի նախկին եւ նոր անդամներ, ծնողներ, հարազատներ, բարեկամներ ու համազգայնականներ:
Հոն էին նաեւ տարիներու վաստակ ու համբաւ ունեցող լոս անճելըսահայ չորս պարախումբեր, իրենց գեղարուեստական ղեկավարներով եւ պարուսոյցներով միատեղ, որոնք եկած էին իբրեւ յարգանք եւ երախտագիտութիւն մէկական պարով իրենց բաժինը բերելու այս պատմական օրուան ճոխ յայտագրին:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժնին, պարախումբի անունով խօսք առաւ Մարալ Վարժապետեան, որ նախ սրտանց ողջունեց ներկաները եւ ապա աւելցուց, թէ «Անի» պարախումբը անցնող 35 տարիներուն ոչ միայն հրամցուցած է զանազան տոհմիկ եւ ազգային պարեր, որոնք մեծապէս հմայած են մեր բոլորին սրտերը, այլեւ արուսետասէր հայ սերունդներ հասցուցած է: Ան շեշտեց, թէ այս բոլորը արդիւնք են պարախումբի անդամ-անդամուհիներու զոհաբերութեան ու յատկապէս խումբի հիմնադիր ղեկավար եւ պարուսոյցներու՝ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի եւ Եղիա Հաշօլեանի 35 տարիներու վրայ երկարող նուիրումին, զոհաբերութեան եւ գիտակցութեան: «Պարծանքի եւ յաղթանակի օր է այսօր,- շարունակեց Վարժապետեան, որովհետեւ տարիներ շարունակ «Անի»ն, աշխարհի տարածքին իբրեւ փիւնիկ, խղճմտօրէն ու անվերապահ կերպով դարձած է հայ պարի դեսպանը»։
Ապա, յանուն «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջ. վարչութեան, փոխ-ատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան իր խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց «Անի»ն եւ անոր հիմնադիր երկու պարուսոյցները: «Եթէ 35 տարիներ առաջ «Անի»ն Լոս Անճելըսի միակ պարախումբը չէր, անկասկած, որ ան իր տեսակին մէջ եզակի ու իւրայատուկ էր, որովհետեւ հիմնուած էր ի մտի ունենալով հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման տեսլականը», ըսաւ ան: Անդրադառնալով «Համազգային»ի առաքելութեան եւ «Անի»ի ելոյթներուն միջոցով հայ մշակոյթին ծառայութեան, ան շեշտեց, թէ անոր ղեկավարները չառեւտրականացուցին հայ պարարուեստը, այլ զարգացուցին զայն ու մնացին եզակի:
Իր խօսքի աւարտին, «Համազգային»ի ներկայացուցիչը կոչ ըրաւ ներկաներուն զօրակցիլ «Անի»ին ու մասնակից դառնալ մեր դարաւոր մշակոյթի պահպանման սուրբ աշխատանքին, եւ մանաւանդ զայն փոխանցել՝ մեր ապագայ սերունդներուն:
Ապա, օրուան հանդիսավարուհին՝ գաղութիս ծանօթ արուեստագիտուհի Նունէ Աւետիսեան իր գրաւիչ ձայնով եւ առոգանութեամբ ձեռնհասօրէն վարեց ճոխ յայտագիրը, իր խօսքերը մէջ ընդ մէջ համեմելով Անի քաղաքին նուիրուած բանաստեղծական տողերով, զայն կապելով «Անի» պարախումբին: Ան նախ բեմ հրաւիրեց վաստակաշատ երկու ղեկավարներ Դարբինեանն ու Հաշօլեանը եւ զանոնք ներկայացուց մշակութասէր ներկաներուն, որոնք իրենց գնահատանքը արտայայտեցին երկարատեւ ծափողջոյններով:
Յայտագրի առաջին բաժինով, խումբը յաջորդաբար հրամցուց ժողովրդական «Հոյ Նազան» եւ «Տօնական» պարերը եւ Արամ խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններէն «Ուզունտարա»ն, կատարողութեամբ Թալին եւ Թինա Գիզիրեան քոյրերուն, որուն յաջորդեց դարձեալ Խաչատուրեանէն խմբային «Լեզկինկա»ն:
Ապա, իբրեւ հիւր ներկայ գտնուող Լոս Անճելըսի «Անուրջներ» պարային խումբը հրամցուց հայկական ժողովրդական պար մը, որուն աւարտին խումբի ղեկավար Արթիւր Ասատրեան իր սրտի խօսքէն ետք, առ ի երախտագիտութիւն եւ քաջալերանք, «Անի» պարախումբի երկու ղեկավարներուն յանձնեց գնահատագրեր:
Արա Գէորգեանի «Requiem»ը Ատելինա Յարութիւնեանի մենակատարութեամբ առաւել եւս սրահը խանդավառեց, մանաւանդ երբ յայտարարուեցաւ, թէ Ատելինան վերջին անգամ ըլլալով ելոյթ կ՛ունենար «Անի»ի շարքերէն: Գեղեցկօրէն հրամցուցած իր պարի աւարտին, «Անի»ի երկու պարուսոյցները ծաղկեփունջով գնահատեցին 12 տարիներու վաստակ ունեցող իրենց այս անդամուհին, որ իր կարգին յուզումով յայտնեց իր երախտագիտութինը:
Մենակատարութեամբ Նաթալի Թովմասեանի, Կարիկ Աթապէքեանի, Սարգիս Էվէրէքեանի, Կարօ Քիրիքեանի եւ Նազարէթ Թորոսեանի, խումբը պարեց ժողովրդական պար մը, որուն յաջորդեց «Սայեաթ Նովա»ն՝ մենակատարութեամբ Գիզիրեան քոյրերուն եւ Մարի Պալեանի:
Դարձեալ, իբրեւ հիւր պարախումբ, Լոս Անճելըսի «Զուարթնոց» պարախումբը հրամցուց Արա Գէորգեանի «Զուարթնոց» պարը, որուն աւարտին խումբի գեղարուսետական ղեկավարներ Վարդան եւ Արմինէ Աղաճանեաններ բեմ գալով ծաղկեփունջ-գնահատագիրով պատուեցին «Անի»ի երկու ղեկավարները:
Յայտագրի առաջին բաժնի աւարտին, խումբը իրարայաջորդ կերպով Նազարէթ Թորոսեանի մենակատարութեամբ հրամցուց Խաչատուրեանէն «Maiden Dance»ը եւ «Շալախօ»ն, Ռիմա Օհաննէսեանի մենակատարութեամբ՝ «Սիրեցի եարս տարան» եւ, Նանէ Շէհրազի եւ Կարիկ Աթապէքեանի կատարողութեամբ՝ «Անլռելի Զանգակատունը»: Այս պարերը յուզումնալից խանդավառութիւն մը ստեղծեցին թատերասրահէն ներս:
Կարճ դադարէ մը ետք, յայտագրի երկրորդ բաժինը սկսաւ բոլորովին նոր եւ մեծ անակնկալով մը: Այսպէս, ձեռք ձեռքի բռնած, բեմ եկան խումբի անցնող 35 տարիներու շուրջ 30 վեթերան անդամ-անդամուհիներ եւ նմոյշներ հրամցուցին իրենց պարերէն, սրահը համակելով անօրինակ խանդավառ մթնոլորտով մը:
Առ ի երախտագիտութիւն, «Անի»ի ներկայ անդամ-անդամուհիները մէկական ծաղկեփունջ նուիրեցին նախկիններուն, որմէ ետք Թադէ Մարտիրոսեան եւ տոքթ. Անի Գալֆայեան սրտի խօսքով ելոյթներ ունեցան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Իսկապէս, որ «Անի»ի պատերը առաւել եւս ամրացած էին:
Ապա խումբը հրամցուց «Ազգագրական» եւ Տիգրան Մանսուրեանի «Melody»ն, կատարողութեամբ Թալին եւ Թինա Գիզիրեաններու, Ատելինա Յարութիւնեանի եւ Ռիմա Օհաննէսեանի, որոնք հայ աղջկան յատուկ հեզասահ ու ճկուն նազանքով գեղեցկօրէն պարեցին:
Ապա, Լանա Ճէրէճեան եւ Արթիւր Ալեքսանեան հրամցուցին Կոմիտասի «Կռունկ»ը որմէ ետք, իբրեւ հիւր պարախումբ, «Վանուշ Խանամիրեան» պարային դպրոցի անդամները հրամցուցին «Հզօր Հայաստան» պարը: Պարի աւարտին խումբի ղեկավար Սամուէլ Նազարեան «Անի»ի հիմնադիր պարուսոյցները պարգեւատրեց գնահատագրով:
«Գիւմրի» եւ «Խաչ պար» պարերէն ետք, Մարի Պալեանի մենակատարութեամբ հրամցուեցաւ æիւան Գասպարեանի հայկական պարերու շարան մը՝ «Քուչա-քուչա», «Էշքէմէ» եւ «Սարի լալա», որոնց յաջորդեցին դարձեալ իբրեւ հիւր ներկայացող հանրայայտ «Գէորգեան» պարային ակադեմիայի անդամները՝ Արա Գէորգեանի «Մուշ» պարով: Յիշենք, որ այս դպրոցին հիմնադիր ղեկավար-պարուսոյցներ՝ տէր եւ տիկին Վարդան եւ Սիրանուշ Գէորգեանները տարիներ առաջ անդամակցելով «Անի»ին՝ անոր ելոյթները գեղեցկացուցած էին իրենց մենակատարութիւններով, իսկ այսօր, այս պատմական ձեռնարկին, անձամբ բեմ ներկայանալով գնահատագրեր յանձնեցին եւ սրտի խօսքեր փոխանցեցին:
Յայտագրին մէջ տեղ գտած «Elegy» պարը, մենակատարութեամբ՝ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի եկաւ կրկին անգամ սրահը ցնծութեամբ հրահրել, որուն յաջորդեցին «Հոյ նազան» եւ իբրեւ վերջին պար՝ «Երեւան»ը, որոնք թնդացուցին ամբողջ սրահը, որ երկարատեւ ծափողջոյններով գնահատեց ելոյթն ու մասնակիցները:
Հանդիսատեսներէն շատեր մենապարողներուն ծաղկեփունջեր նուիրելով արտայայտեցին իրենց յարգանքը, յուզումը, սէրն ու երախտագիտութիւնը:
Բոլոր պարերն ալ իրենց հրամցուցած ոճէն, ձեւի, շարժումի, տարազի եւ լոյսի խաղերէն մեկնած խլեցին սրահի գնահատականներն ու բարձրաձայն գովասանքները:
Աւարտին, յանուն առաջնորդ սրբազան հօր, Պարթեւ վարդապետ կարդաց անոր օրհնութեան խօսքը, միաժամանակ փոխանցելով հայրական գնահատականներն ու մաղթանքները: Ապա, «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Եագուպեան մէկական գնահատագիրներ յանձնեց խումբի հիմնադիր պարուսոյցներուն, իբրեւ հայ մշակոյթի նուիրեալ եւ հաւատաւոր կամաւոր ու նուիրուած զինուորագրեալներ: