Քալիֆորնիոյ իրաւական հարցերուն նուիրուած «Տէյլի Ճըրնըլ»ի մէջ գրելով, Սթէն Կոլտմըն Հոկտեմբեր 22ին հարցականի տակ առած է դաշնակցային 9րդ շրջանային վճռաբեկ ատեանի այն որոշումը, որ ապօրինի կը նկատէր Քալիֆորնիոյ Գերագոյն ատեանի որոշումը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն կամ անոնց ժառանգորդներուն արտօնութիւն կու տար դատ բանալու օտար ընկերութեանց դէմ:
Ան կը գրէ, թէ դաշնակցային վճռաբեկ ատեանին որոշումը, որ վերատեսութեան պիտի ենթարկուի, հիմնուած է այն տրամաբանութեան վրայ, թէ օրէնքը ապօրինի է պարզապէս որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Հայկական Ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցած:
Սակայն Կոլտմըն կը յիշեցնէ, թէ Միացեալ Նահանգները ստորագրած է եւ 1988ին վաւերացուցած է ՄԱԿի Ցեղասպանութեան միջազգային դաշինքը, որ ծնունդ առած է նոյնիքն հայկական եւ հրէական ցեղասպանութիւններուն կրկնութեան առաջքը առնելու հրամայականէն: Ան կ՛աւելցնէ, թէ Ռաֆայէլ Լեմքին, որ առաջին անգամ ըլլալով գործածած էր ցեղասպանութիւն բառը, ՄԱԿի դաշինքին մղիչ ուժն էր եւ յստակօրէն նշած էր Հայկական Ցեղասպանութեան օրինակը: