ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Կա՛յ այդպիսի երկիր մը:
Անոր սահմաններն են, հիւսիսէն՝ Հիւսիսային Բեւեռ, հարաւէն՝ Հարաւային Բեւեռ: Արեւելքէն եւ արեւմուտքէն՝ սահման կամ սահմանափակում չունի, որովհետեւ առանցքին շուրջ յաւէտ դարձող երկրագունտը արեւելք կամ արեւմուտք չ՛ունենար:
Այդ երկրին անունն է ՍՓԻՒՌՔ:
Ես ընդհանրապէս Սփիւռք չեմ գրեր՝ գլխագիր «ս»ով, այլ՝ սփիւռք. այդ պատճառաւ ալ ՍՓԻՒՌՔ գրած եմ՝ ամբողջութեամբ գլխագրով, սոյն յօդուածին գործածութեան համար միայն:
Իր պատմութեան ընթացքին, մեր ժողովուրդը միշտ ալ ՍՓԻՒՌՔի բնակիչներ ունեցած է: Որովհետեւ, հայը միշտ եղած է արկածախնդիր՝ տնտեսական տեսակէտէ եւ նոր հորիզոններ փնտռած հայրենի երկրէն դուրս: Կամ՝ դուրս շպրտուած է իր երկրէն եւ սունկի պէս աճած՝ քիչ մը ամէն տեղ:
Ասկէ շուրջ երեսուն տարիներ առաջ, «Լոս Անճելըս Թայմզ»ը իր առաջին էջին վրայ հրատարակած էր առաջնորդող յօդուած մը, որուն խորագիրը կ՛ըսէր մօտաւորապէս հետեւեալը. «Հայերը տնտեսական աշխարհի ջերմաչափներն են»: Եւ կը շարունակէր. «երբ տեսնէք, թէ հայերը զանգուածային կերպով երկրէ մը կը գաղթեն, կրնաք վստահ ըլլալ, թէ այդ երկրի տնտեսութիւնը անկման նշաններ ցոյց կու տայ»: Այդ նախանշաններն իսկ բաւական են, որ հայը, տնտեսական իր սուր հոտառութեամբ, չուէ այդ երկրէն՝ դէպի աւելի տաք կլիմաներ:
Երկրորդ պատճառը առեւտրականի իր զօրաւոր ջիղն է, որ զայն Հայաստանէն կամ Կիլիկիայէն տարած է մինչեւ Չինաստան, Հնդկաստան կամ Ճափոն: Ան եղած է նշանաւոր «մետաքսի ճամբայ»ի ուղեւորը, իր կարաւաններով: Ուզենք թէ չուզենք, աշխարհ միշտ ալ կը կառավարուի տնտեսական բարօրութեան չափանիշներով: Տնտեսական չափանիշներն ալ, իրենց կարգին, իրենց անդադար ելեւէջներով՝ կ՛ուղղեն հայութեան նաւուն ղեկը:
Անկեղծ ըլլանք. միայն քաղաքական պայմանները չեն, որոնք հայրենիքի քաղաքացին կը հրաւիրեն արտագաղթելու: Հայուն բնածին մարմաջը միշտ աւելին եւ լաւագոյնը հետապնդելու՝ զայն ըրած են հրեային չափ թափառական:
Անշուշտ վերոյիշեալ վարկածը կը դիմանայ մինչեւ 24 Ապրիլ 1915՝ մանաւանդ արեւմտահայութեան համար: Այդ թուականէն կը դադրի արկածախնդրութիւնը եւ կը սկսին ստրուկի ուղին եւ հոգեբանութիւնը՝ իր բոլոր երեսներով եւ հետեւանքներով: Այնքան խոր հետեւանքներ, որ հայը այլեւս մեր գիտցած հայը չէ: Ան կը դառնայ գութի, սիրոյ եւ գուրգուրանքի մուրացիկ՝ աշխարհի պողոտաներուն վրայ:
Այսպէս, յանցաւորի հսկայ բարդոյթ մը շալակին, սփիւռքցին կը դառնայ թափառական հայը, ստրկամտութեամբ յագեցած՝ աշխարհի հիւրը, որ իր ներկայութիւնը չ՛ուզեր շատ յայտնի ընել, շուքի պէս կը պտտի, հնազանդ՝ զինք հիւրընկալող պետութիւններուն: Ուշադրութիւն ըրէք. ան նոյնիսկ իր քայլերգը՝ կամ օրհներգը՝ բարձրաձայն եւ լիաթոք չ՛երգեր. երբ կ՛երգէ, կարծէք՝ կը մլաւէ. հոգ չէ թէ հոգին որքան փոթորկած է, եւ իր սիրտը՝ պայթելու չափ զայրոյթով լեցուն:
Նայեցէք մեր նոր գաղթականին. ներողութիւն՝ հայրենիքէն արտագաղթողին: Շատ ներեցէք, որ զայն «հայաստանցի» կոչեմ, առ ի չգոյէ լաւագոյնին: Ան «իր կամքով» լքած է հայրենիքը, եւ շատ տարբեր է ինձմէ եւ քեզմէ: Նոյնիսկ իր ամենէն տագնապալի կեանքին մէջ, ան պահանջատէր է: Երբ կը խօսի, կարծէք՝ ոտքին տակ հայրենի հողը կայ տակաւին: Երբ կ՛երգէ՝ կը գոռայ: Չունի սփիւռքցիին կրաւորական հոգեբանութիւնը: Սփիւռքցիին ձայնը հզօր կը լսուի միայն, երբ ան կը խօսի Հայ Դատին մասին: Հայ Դատը միակ վայրն է (locus), ուր ան ինքզինք իր տան մէջ կը զգայ, հանգիստ կը զգայ: Անհանգիստ հանգիստ…
Հայաստանցին խիզախ է, ճարպիկ, հնարամիտ եւ արկածախնդիր: Շատ արագ կը յարմարի իր շրջապատին եւ կը սկսի ընդօրինակել այն ամէն ինչը, որ իր տնտեսական պայմանները պիտի բարելաւէ: Ձեռներէց է (entrepreneur), ինքնավստահ՝ հոգ չէ թէ երբեմն իր պնդումները անհիմն ըլլալ թուին մեր աչքին, եւ մեր գաղափարներն ու գաղափարաբանութիւնները չհետեւին նոյն տրամաբանութեան: Մեր հայրենի քոյրերն ու եղբայրները միշտ տանտէր են, զօրաւոր. մենք՝ միշտ վարձուոր՝ տկար: Մենք մեր տկարութիւնը կը ծածկենք օրինապահութեան պատմուճանով:
Հայաստանցին սփիւռքցին կը կոչէ «յետամնաց» եւ ինքզինք կը դաւանի եւրոպական քաղաքակրթութեան զաւակ: Սփիւռքցին միշտ ալ հաշտ աչքով չի դիտեր «յառաջդիմասէր» հայաստանցին, անոր մէջ փնտռելով եւ չգտնելով հայուն աւանդապահ երեսը: Սփիւռքցին, կառչած իր աւանդութիւններուն, որուն մէջ՝ գերակայ է օր մը անաղարտ պահուած այդ աւանդութիւններով իր երազած հայրենիքը վերադառնալու լուռ եւ մխացող մարմաջը, հակառակ եւրոպական կամ արեւմտեան իր ամէն ինչին, դժուար կ՛ընդունի հայաստանցիին շուտիկ այլափոխումը: Ան արմատ ունեցող բոյս է, մենք՝ ծաղիկ մը:
Հայաստանցին ուշիմ է եւ տաղանդաւոր: Ան չի սպասեր ուրիշի հաստատման՝ այս մասին: Ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ այդ՝ առանց կեղծ համեստութեան: Մինչ սփիւռքցին համբերութեամբ կը սպասէ դիմացինի գնահատանքին, որ կու գայ կամ… չի գար: Սփիւռքցին ամօթ կը համարէ այն ինչ որ հայաստանցին արդար եւ անժամանցելի քարոզչութիւն կը նկատէ: Միւս կողմէ, սփիւռքցին որքան ալ հարուստ եւ փարթամ կեանքի վարժ՝ չունի հայաստանցիին կեանքի սէրը եւ զայն արտայայտելու խայտաբղէտ ձեւերը: Յորդող բան մը կայ հայաստանցիին մէջ, որ սփիւռքցիին մէջ ցամքած է:
Նոյնքան տարբեր են արուեստի ընկալումն ու մատուցումը հայաստանցիին եւ սփիւռքցիին կողմէ: Այս վերջինը կը հետեւի իր ապրած երկրի մշակոյթի օրէնքներուն եւ թոյլտուութիւններուն: Հայաստանցին վարժուած է իր սեփական երկրի մշակոյթի օրէնքներուն հետեւելու, որ աւելի բաց է, ազատ եւ համարձակ: Բաց, ազատ եւ համարձակ եղած է նոյնիսկ ամենէն դաժան բռնատիրութիւններու տակ: Հայաստանցիին համարձակութիւնն ու սփիւռքցիին շրջահայեաց զգուշաւորութիւնը ոչ մէկ տեղ կը համընկնին:
Երբ կը խօսինք տաղանդի մասին, չենք անտեսեր անշուշտ բոլոր այն պատեհութիւնները, զորս ունեցաւ հայաստանցին տխրահռչակ խոր-հրդային կարգերու օրերուն, երբ ամէն հայ օգտուեցաւ այդ կարգերու կարելի է ըսել միակ առաւելութենէն՝ բոլորին մատչելի ուսումէն եւ այդ ուսումը գործնական կեանքի մէջ կիրարկելու կարելիութենէն: Ասիկա ամբողջութեամբ չի բացառեր անշուշտ հայուն ընդունակութիւնը՝ այդ բազմերես ուսումը նուաճելու եւ մարսելու: Պատեհութիւն մըն է սակայն, որ չմատուցուեցաւ սփիւռքցիին: Այս վերջինը պէտք էր նախ չարչարանքով իր օրապահիկը շահէր, զաւակը կարենար դպրոց ղրկել եւ առաւելագոյնը՝ անոր երկրորդական ուսում տար: Հազուագիւտ էին գրող-երգիչ-դերասան-նկարիչները որոնք, բախտի բերմամբ, կ՛արժանանային օտար հասարակութեան ուշադրութեան: Հող չկար սփիւռ-քցիին ոտքերուն տակ: Միակ բաց ասպարէզը տնտեսութիւնն էր, զոր նուաճեցին հազուագիւտ սփիւռքցի հայեր՝ գաղթականի ցնցոտիները շպրտելէ ետք:
Եւ այսօր, մեր կուրծքերը կ՛ուռին հպարտութեամբ ի տես մեր այդ տաղանդաւոր քոյրերու եւ եղբայրներու ելոյթներուն եւ յաջողութիւններուն. կարծէք կ՛ուզենք ըսել օտարին. «Տեսէ՛ք, թէ մենք ինչ ազգ ենք»:
Բնական է, հայաստանցին շատ սուղ վճարեց խորհրդային կարգերու տակ իր կեանքը: Բայց ան ունեցաւ բազմաթիւ առաւելութիւններ, զորս ափիւռքցին երբեք չունեցաւ, ոչ ալ կրնայ ունենալ, այնքան ատեն որ տակաւին կը թափառի օտար երկինքներու տակ:
Այսօր, Ցեղասպանութենէն շուրջ 90 տարի ետք, սփիւռքցին տակաւին կը գտնուի թուրքին սպառնալիքին տակ, թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ հոգեկան, թէ՛ մշակութային տեսակէտէ: Անշուշտ կան տակաւին Եղեռնի ֆիզիքական, հոգեկան եւ մշակութային հետեւանքները, արդիւնք՝ Ցեղասպանութեան ուրացման՝ ոճրագործ պետութեան կողմէ: Մեր բոլորի կեանքին մէջ կան նաեւ դէպքեր, որոնք անդադար կու գան յիշեցնելու մեզի, թէ վտանգը դեռ հոն է, կը յամենայ: Այդ դէպքերէն մէկը պատահեցաւ ինծի, 70ական թուականներու Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն: Դէպք՝ որուն անդրադարձած եմ ատենին Ասպարէզ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը («Ասպարէզ», Հինգշաբթի, 20 Յունուար, 1977):
Մեր տունը կը գտնուէր քաղաքը երկուքի բաժնող կանաչ գծին վրայ: Ճակատ կը սեպուէր: Եկաւ ժամանակ, որ պէտք եղաւ զայն լքել եւ հեռուէն դիտել այդ թաղին վրայ տեղացող ռումբերը: Ըստ ականատեսներու վկայութեան, օր մըն ալ ուժանակ մը (dynamite) կը դրուի մեր շէնքին տակ, որ այդ անսասան կարծուող կառոյցին հիմերը կը խախտէ: Այդ օրերուն, ես նոր Ամերիկա եկած էի: Մայրս եւ քոյրս մնացած էին Պէյրութ, եւ մօտէն կը հետեւէին տան ճակատագրին: Օր մը, շրջանէն հայ զինեալ մը վարձելով, աւերակներուն մէջէն կը մօտենան տան եւ այդ խարխուլ, ամէն վայրկեան փլելու ենթակայ աստիճաններէն կը բարձրանան երկրորդ յարկի մեր տունը, զոր կողոպտելէ ետք՝ վարձկան զինուորները կրակի տուած էին:
Լիբանանի քարաշէն տուները կը դիմանան հրդեհին: Բայց ոչ՝ անոնց պարունակութիւնները: Մեծ հիւրասենեակին մէջ, հօրս նոյնքան մեծ, հազուագիւտ եւ շատ գեղեցիկ պարսկական գորգը կրակէն փակած էր գետնին, իսկ նոր կահոյքս՝ կիսով այրած: Իսկ, ամենէն ահաւորը… սենեակին մէջտեղը կար մոխիրի հսկայ կոյտ մը: Հօրս հազուագիւտ գրքերու դարանները պարպած էին հոն եւ կրակի տուած: Մոխրացած էջերը տակաւին յայտնի էին: Հազիւ ձեռք դպած՝ մոխրակոյտը փլած էր ինքն իր վրայ: Սենեակին պատերը սեւցած էին: Ահա այդ պատերէն մէկուն վրայ, որ սեւ գրատախտակի նմանած էր, ճերմակ կաւիճով լատիներէն տառերով եւ թրքերէն լեզուով գրուած էր. «հոս մտնողը թուրքի զաւակ թուրք է («թիւրք օղլու թիւրք»). եկած է հայերը մորթելու համար»: Թուրք անունի մը ստորագրութիւնը կը փակէր գրութիւնը: Մի մոռնաք, որ այն օրերուն բազմաթիւ վարձկան զինեալներ կը գտնուէին Լիբանան, որոնցմէ շատերը թուրքեր եղած են:
Յաջորդ օրը, վտանգը դարձեալ աչք առնելով, մայրս եւ քոյրս կ՛երթան աւերակ տունը եւ նկարելով պատին գրութիւնը՝ կը ղրկեն ինծի: Ես անմիջապէս զգացումերս յանձնեցի թուղթին եւ այդ նկարով ղրկեցի «Ասպարէզ»ին: Նոյն գրութիւնը եւ նոյն նկարը ղրկեցի նաեւ Զօրեան հիմնարկին որ, այն օրերուն, Պոսթընի մէջ Ցեղասպանութեան վաւերաթուղթերու հաւաքման յայտնի կեդրոն մըն էր:
Թուրքը մինչեւ այսօր կը հետեւի մեզի, նոյնիսկ ՍՓԻՒՌՔ կոչուած այս անծայրածիր երկրին մէջ: Այդ օրը, թուրքը չկրցաւ մեզ մորթել, բայց սպաննեց հայ գրականութեան եւ բանասիրութեան այնպիսի գանձեր, զորս փոխարինելը անկարելի է: Նոյն առթիւ, սակայն, ան այնպիսի խոստովանութիւններ կը ցանէ հոս ու հոն, զորս օր մը անպայման պիտի հնձէ:
Ահա՛ւասիկ նմոյշ մը, փոքր օրինակ մը՝ բազմաթիւ օրինակներէն, որ ցոյց կու տայ սփիւռքցիին զոհի հոգեբանութիւնը, մնայուն վախը իր մշակոյթին համար եւ դառնութիւնը՝ շահադիտական նպատակներով համաշխարհային անտարբերութեան եւ ուրացման առջեւ…: