Չորեքշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2009ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, կեանքին հրաժեշտ տուաւ շրջանի համայնքի հասարակական կեանքին մէջ մեծ վաստակ ունեցող, հաւատաւոր Դաշնակցական ընկեր եւ վաստակաշատ ՀՄԸՄական Յարութիւն Բարսեղեանը, մեծ վիշտ պատճառելով իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ յատկապէս շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին:
Վաստակաշատ ՀՄԸՄական եղբօր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2009, առաւօտեան ժամը 9:30ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ընկերակցութեամբ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանի եւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն քհնյ. Վասիլեանի:
Յուղարկաւորութեան ամբողջ արարողութեան ընթացքին հանգուցեալ եղբօր դագաղի պատուոյ պահակի դերը կատարեցին ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի արի-արենոյշները, ընկերակցութեամբ շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու խմբապետական կազմերուն, գլխաւորութեամբ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին: Հանգուցեալ եղբօր, իրենց վերջին յարգանքի տուրքը մատուցելու փութացած էին շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու եւ Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները, մեծ թիւով ՀՄԸՄականներ, տեղւոյն պատկան մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ընտանեկան պարագաներ եւ հարազատներ:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, հանգուցեալի կենսագրական գիծերը ընթերցեց Վիգէն քհնյ. Վասիլեան, որմէ ետք իր ցաւակցութիւններն ու մխիթարական խօսքերը արտայայտեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, առաջին հերթին խնդրելով Աստուծմէ, որ ուղեկից ըլլայ հանգուցեալին: Ապա վեր առաւ եղբ. Բարսեղեանի ազգին մատուցած ծառայութիւնները իբրեւ անձ, ընտանիքի հայր, զոհաբերուող միութենական եւ մանաւանդ՝ հաւատացեալ հայորդի:
Սրբազան հայրը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Բարսեղեան գերդաստանին, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, ՀՄԸՄի մեծ Ընտանիքին եւ հանգուցեալի հարազատներուն, մխիթարեց զանոնք եւ վստահեցուց, թէ հանգուցեալ Յարութիւն Բարսեղեան իր պարտականութիւնները ամբողջացուցած կը մեկնի այս աշխարհէն, իր ետին ձգելով ազգօգուտ աշխատանքներ ու լաւ յիշատակներ:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, ՀՅԴի եւ ՀՄԸՄի դրօշներով ծածկուած հանգուցեալի դագաղը սգակիրներու թափօրով տարուեցաւ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ հանգուցեալ եղբօր թաղման արարողութիւնը եւ անոր դին յանձնուեցաւ ցուրտ հողին:
Շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի անունով դանբանական կարդաց ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամ քոյր Մարօ Քէշիշեան, որ ցաւակցութիւններ յայտնելէ ետք Բարսեղեան ընտանիքին, ընդգծեց թէ «Այսօր դժուարին իրականութեան մը առաջ կը գտնուինք: Հրաժեշտ կու տանք շատ սիրելի հայորդիի մը, որ ամբողջ կեանք մը ծառայեց իր ազգին ու ընտանիքին եւ այս աշխարհէն կը մեկնի օգտակար իր փորձառութիւնները մեզ ժառանգ ձգելով»:
Ապա անդրադառնալով հանգուցեալ եղբօր ՀՄԸՄական կեանքին, մատնանշեց ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը, որուն աշխատանքներուն իր առիւծի բաժինը բերած էր եւ ընտրուած՝ անոր հիմնադիր ատենապետը:
«Եղբ. Բարսեղեանը կեանքէն ու մանաւանդ ՀՄԸՄէն յագեցած հեռացաւ:
«Եւ ես պիտի ըսէի ՀՄԸՄի հաստաբուն Կաղնին ինկաւ, սակայն չմեռաւ:
Այո՛, ՀՄԸՄի կաղնին ինկաւ, սակայն ան անմահացաւ:
«Անմահացաւ, որովհետեւ շրջանէն ներս իր եւ իր ընկերներու հիմնած կազմակերպութիւնը հզօրացած է, իր արմատներով առաւել հաստատուն դարձած է, աւելիով ծլած ու ծաղկած է եւ այսօր 17 մասնաճիւղերով եւ աւելի քան ութ հազար անդամ-անդամուհիներով, առաւել եւս երիտասարդացած, շրջանի պարծանքը կը հանդիսանայ»: (Մարօ Քէշիշեանի կարդացած դանբանականը ամբողջութեամբ հրատարակուած է «Ասպարէզ»ի Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2009ի թիւին մէջ):
Թաղման արարողութենէն ետք, դագաղին վրայ դրուած ՀՅԴի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշները ծալլուեցան եւ յանձնուեցան հանգուցեալի այրիին՝ տիկ. Պերճուհի Բարսեղեանին: ՀՅԴի դրօշը յանձնեց «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան, իսկ ՀՄԸՄինը՝ Շրջ. սկաուտական խորհուրդի անդամներու ընկերակցութեամբ՝ Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Սթիւ Արթինեան:
Մինչ ծաղիկներ եւ հող կը թափուէր եղբ. Բարսեղեանի դագաղին վրայ, ներկաները «Վէրքերով լի ջան Ֆետայի» երգը խմբերգեցին:
Թաղման արարողութենէն ետք, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի կողմէ հոգեճաշ մատուցուեցաւ Հոլիվուտի «Կարապետեան» սրահին մէջ, ուր նաեւ ցաւակցական եւ սրտի իրենց խօսքը փոխանցեցին ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան, հանգուցեալի թոռները, եղբայրը եւ այլ հարազատներ:
Բարսեղեան ընտանիքի որոշումով, հանգուցեալ եղբ. Յարութիւն Բարսեղեանի մահուան տխուր առիթով, փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը կատարուին ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին:
Եղբ. Բարսեղեանի մահով, ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը կորսնցուց անզուգական ՀՄԸՄական մը, որուն անունը անքակտելիօրէն կապուած պիտի մնայ շրջանի ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ:
ԵՂԲ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐԸ Ծնած էր 11 Օգոստոս 1920ին, Այնթապի մէջ եւ անմիջապէս ծնողքին հետ փոխադրուած էր Հալէպ, Սուրիա: Ան հասակ նետած էր բազմանդամ եւ ազգանուէր ընտանեկան յարկի մը տակ՝ հինգ եղբայրներով ու երկու քոյրերով: Աւարտած է Հալէպի կրթասիրաց վարժարանը: Փոքր տարիքէն յատուկ սէր ցուցաբերած էր երաժշտութեան եւ արուեստի նկատմամբ: Սորված էր «աքորտիոն» նուագել եւ խումբ մը ընկերներով կազմած էր նուագախումբ մը, որ նաեւ նիւթական աղբիւր ծառայած էր իրեն համար: Միաժամանակ նաեւ զբաղած էր լուսանկարչութեամբ եւ ունեցած էր իր անձնական խանութը Հալէպի «Պապ Ըլ Ֆարաժ» պողոտային վրայ միշտ հպարտ ըլլալով իր «ռթուշի» կարողութեամբ: Լուսանկարչութեան մէջ յաջողութիւն գտնելով, ան իր երկրորդ խանութը բացած էր Սուրիոյ Տէր Զօր Քաղաքի մէջ: Ան Տէր Զօրի քաղաքապետարանի յատուկ արտօնութեամբ կատարած էր անապատի «պէտուի»ներու մարդահամար, որու ընթացքին, հանդիպելով արաբախօս հայերու, փոխադրած էր զանոնք Գամիշլի, ապրելու հայկական գաղութէն ներս:
1945ին ամուսնանալով Պերճուհի Կրպուշեանի հետ կազմած էր ընտանեկան երջանիկ բոյն մը, բախտաւորուելով 3 դուստրերով՝ Մակի, Էլօ եւ Սիլվա: Աւելի ուշ, իր դուստրերու ամուսնութեամբ հարստացած էր նաեւ հինգ թոռներով՝ Նարեկ, Թաթեանա, Քարինա, Մարէ եւ Շանթ:
Փոքր տարիքէն իր մէջ սերմանուած էին հայրենասիրական եւ ազգասիրական զգացումները եւ այդ պատճառով ալ պատանեկան տարիքէն արձանագրուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ ՀՄԸՄի շարքերը, որոնց գործօն անդամներէն եղած էր մինչեւ իր մահը: Առաջին իսկ օրէն Յարութիւն Բարսեղեան այս զոյգ կազմակերպութիւններուն հանդէպ ցուցաբերած էր կորով, անսակարկ նուիրում ու անշահախնդիր աշխատանք:
Ան եղած էր ՀՄԸՄի Հալէպի մասնաճիւղի առաջին սկաուտներէն եւ հասած էր խմբապետի աստիճանին եւ Երէց փաղանգի ընդհանուր պատասխանատուի պաշտօնին: 1953ին իբրեւ Սուրիոյ երէց սկաուտ ներկայացուցիչ մասնակցած էր Արաբական երկիրներու ճամպորիին, Եգիպտոսի մէջ:
1966ին, իր գերդաստանին հետ հաստատուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքը: Լոս Անճելըս ժամանման առաջին օրէն իսկ, նկատելով ՀՄԸՄի պակասը քալիֆորնիահայ գաղութէն ներս, խումբ մը վեթերան ՀՄԸՄականներու հետեւողական, անշահախնդիր եւ նուիրական աշխատանքով հիմը դրած էին ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի առաջին մասնաճիւղին՝ ՀՄԸՄ Լոս Անճելըսին, որուն շարքերուն մէջ, իբրեւ գործօն անդամ մնացած էր մինչեւ իր մահը:
Անհերքելի է եղբօր ներդրումը ՀՄԸՄի Նաւասարդեան Մարզախաղերու կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ: Ան հաւատաւոր Դաշնակցական եւ ՀՄԸՄական մըն էր:
Եղբայրը հանգիստ մտքով հեռացաւ այս աշխարհէն, իր ետին ձգելով անսահման ժառանգութիւն մը, որ պիտի շարունակէ իր առաւելագոյն նպաստը բերել հայ երիտասարդութեան ազգային նկարագրի կերտման դարբնոցին՝ ՀՄԸՄի հզօրացման:
Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի եղբայր: