ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յունաստանի մօտ Թուրքիոյ աւագ դեսպան Հասան Կէօղիւշի ձեռամբ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան նամակ մը յղած է Յունաստանի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Եորկօ Փափանտրէուի, ուր ան կը գրէ, թէ Թուրքիա համոզուած է, որ Յունաստանի հետ փոխադարձ յարգանքի եւ հասկացողութեան հիման վրայ հաստատուած կապերը պիտի նպաստեն շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան։ Վարչապետարանի մամլոյ կեդրոնին կողմէ կատարուած յայտարարութեան համաձայն, Հոկտեմբեր 30ին ղրկուած նամակը կ՛ըսէ, որ Թուրքիա Յունաստանի հետ իր յարաբերութիւնները զարգացնելու համար պատրաստ է բոլոր հարցերը դարձեալ քննարկութեան նիւթ դարձնելու եւ անոնց լուծումներ բերելու, բոլոր դրացի երկիրներուն հետ «զերօ հարց» ունենալու քաղաքականութեան ծիրէն ներս։ Այս ուղղութեամբ, Էրտողան ներկայացուցած է բազմաթիւ առաջարկներ։
Փափանտրէու գնահատանքով դիմաւորած է բարեկամութեան հաստատման ի նպաստ կատարուած առաջարկը եւ յայտնած, որ առնուած այս քայլը ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը բարենպատակ մերձեցում եւ կամք որդեգրած է։
Միւս կողմէ, Յունաց տիեզերական պատրիարք Պարթոլոմէոս, Ամերիկայի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Պարաք Օպամայի հետ, քննելով յատկապէս Թուրքիոյ մէջ յունական Հէյպէլիի դպրանոցը վերաբանալու հարցը։
Պարթոլոմէոս յայտնեց, որ Օպամայի հետ խօսած է նաեւ Թուրքիոյ եւ աշխարհի տարածքին մարդկային իրաւանց, փոքրամասնական իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութեան նիւթերու շուրջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.