ՊՈԼԻՍ.- «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Պոլսոյ մէջ օսմանեան արխիւներու յատուկ նոր կեդրոն մը պիտի կառուցէ։ Արխիւներու պահեստանոցները պաշտպանուած պիտի ըլլան ջուրերու ողողումներէ, երկրաշարժերէ, քիմիական եւ կենսաբանական զէնքերով յարձակումներէ։
Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական արխիւներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3ին հաղորդած է, թէ օսմանեան արխիւները, որոնք ներկայիս չորս տարբեր վայրերու մէջ կը գտնուին, պիտի հաւաքուին Պոլսոյ Քակիթանէ շրջանին մէջ։ Նոր կեդրոնը պիտի ունենայ շուրջ հարիւր միլիոն փաստաթուղթեր եւ 370 հազար նօթագրութիւններ։
Կեդրոնը պիտի ներառէ վարչական շէնք մը, 350 մասնագէտներու համար հետազօտման սրահ մը, հետազօտման հիմնարկ մը, մատենադարան մը, թանգարան մը, թուայնացած արխիւներու յատուկ բաժանմունք մը եւ 2500 աթոռներով օժտուած սրահ մը։
Նոր կեդրոնի բացումը պիտի կատարուի 2012ին։