ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին, Կիրակի, Նոյեմբեր 8ին, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ առիթը ունեցան խորհրդակցելու Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քարոլ Լուիի հետ, որ կը ներկայացնէ Ծերակոյտի 21րդ ընտրատարածքը, ներառեալ Փասատինան:
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Իշխան Պօղոսեան կը յայտնէ, թէ ծերակուտականը միշտ գործօն դաշնակից մը եղած է հայ համայնքին եւ նեցուկ կանգած է զայն յուզող մարդկային իրաւանց ու կրթական ծրագիրներուն:
Քարոլ Լուիի հետ խորհրդակցութեան մասնակցեցան Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործօն անդամներէն Տօնիկ Տօնապետեան եւ Վաչէ Տէրտէրեան, որոնք հրաւիրեցին զինք այցելելու Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնը:
Լուի շնորհակալութիւն յայտնեց ձենարկին հրաւիրուած ըլլալուն համար, դրուատեց Հայ Դատի յանձնախումբին աշխատանքը, եւ խոստացաւ նեցուկ կանգնիլ անոր գործունէութեան եւ հայութիւնը մտահոգող հարցերուն: