ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները կը պատրաստեն Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հերթական հանդիպումը, որ կը նախատեսուի Նոյեմբերի աւարտին: Նշենք, որ սովորաբար երկու երկիրներուն նախագահները կը հանդիպին արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումէն յետոյ, սակայն այս անգամ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանն ու Էլմար Մամեդեարովը պիտի հանդիպին նախագահներուն հանդիպումէն յետոյ՝ Դեկտեմբեր 1-2ին Աթէնքի մէջ:
Հանդիպման վայրն ու ժամանակը յստակացնելու եւ նախագահներուն հանդիպումը կազմակերպելու համար՝ համանախագահները Նոյեմբեր 16-22 պիտի այցելելեն տարածաշրջան: Հաւանական է, որ նախագահներու հանդիպումը կայանայ Միւնիխի մէջ:
Յիշեցնենք, որ Նալբանդեան վերջերս յայտարարած էր, որ բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի քննարկուի միայն ԼՂ կարգավիճակին հարցը, մինչդեռ ատրպեճանական կողմը կը խօսի քննարկուող հարցերու աւելի լայն շրջանակի մասին, ընդգծելով, որ ԼՂ կարգավիճակին հարցը առանցքային հարցերէն մէկն է: